Ուրբաթ, 5 Ապրիլի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ ԻԱ. կաթողիկէ հայոց հոգեւոր տիրոջ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հայրեր։
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը, Հայաստանը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն: