ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Սեպտեմբեր 19ին «Ուրբաթ» ակումբին մէջ յայտարարեց, որ «նախագահական ընտրութիւնները չափազանց կարեւոր նշանակութիւն են ունենալու Հայաստանում հաւասարակշռուած իշխանութիւն ձեւաւորելու համար» եւ աւելցուց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պատրաստ է քաղաքական եւ գաղափարական բանավէճի՝ նախագահական ընտրապայքարի ծիրէն ներս։
Արմէն Ռուստամեան նախ ներկայացուց ԳՄի նոր կազմը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Գերագոյն ժողովէն առաջ եւ վերջ տարածուող այն տեսակէտներուն, թէ իշխանութիւն ըլլալով, Հ.Յ.Դ.ն կը յայտարարէ, որ այլընտրանք է ընդդիմութեան: Ան նաեւ բացատրեց Հ.Յ.Դ.ի կողմէ նախագահի 2 թեկնածու առաջադրելու որոշումը:
Ռուստամեան ըսաւ. «Ինչո՞ւ անհրաժեշտութիւն առաջացաւ մասնակցելու նախագահական ընտրութիւններին: Եւ այսօր քաղաքական ուժերն այս կարեւոր թեմայից խօսելու փոխարէն, փորձում են այլ հարթութիւն տեղափոխել հարցը՝ թէ Հ.Յ.Դ.ն իրաւունք ունէ՞ր նման փոփոխութիւն իրականացնելու իր դերակատարութեան մէջ։ Կայ մի տեսակէտ, որը դժբախտաբար սկսում է խորը արմատներ գցել՝ հասարակութեան մէջ պահպանել այնպիսի մթնոլորտ, որ ընտրութիւնների արդիւնքները կանխորոշուած են։ Սա ամենավատ ճանապարհն է, քաղաքական դաշտը իսկապէս կաթուածահար անելու, կրաւորականութեան մղելու եւ ընդհանրապէս քաղաքական զարգացումները Հայաստանում լճացման տանելու ճանապարհ։
«Դաշնակցութիւնը կտրականապէս դէմ է այդ մօտեցմանը: Ընտրութիւնները պէտք է դառնան իրական, իսկ ընտրութիւններն իրական դարձնելու համար երկրում պէտք է ծաւալուի բանավէճ, թէ ուր է գնալու երկիրն յառաջիկայ 5 տարիների ընթացքում»:
Ան յայտնեց նաեւ, որ Հ.Յ.Դ.ն դէմ է այն մօտեցումին, թէ կայ թեկնածու, որ այլընտրանք չունի, եւ որուն յաղթանակը արդէն իսկ կանխորոշուած է եւ աւելցուց, որ նախագահի ընտրութեան հարցով Հ.Յ.Դ.ի կեցուածքը նոր դերակատարութիւն կը սահմանէ կուսակցութեան՝ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ էապէս բարձրացնելով անոր վարկը:
1991էն յետոյ Հ.Յ.Դ.ն նախագահական ընտրութիւններուն չէ ներկայացած սեփական թեկնածուով, եւ Դաշնակցութեան այդ կեցուածքը, ըստ Ռուստամեանի, շատ տրամաբանական էր: Բայց այժմ, «մենք իսկապէս պէտք է այդ բանավէճի մէջ յստակ, լիարժէք կողմ լինենք»:
Արմէն Ռուստամեան Հ.Յ.Դ.ի որոշումը զարմանալի չհամարեց եւ ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը մաս չկազմեց համախոհութեան, եւ մենք յստակ ասացինք, որ պէտք է պահպանենք մեր ինքնուրոյն, առանձին, սեփական թեկնածուով հանդէս գալու իրաւունքը»:
Իսկ եթէ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուի միաբեւեռ, այսինքն՝ մէկ քաղաքական ուժին պատկանող իշխանութիւն, երբ նախագահը, վարչապետը եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը ըլլան մէկ կուսակցութեան ենթակայութեան տակ, այդ շատ վտանգաւոր է, ընդգծեց ան:
Այն հարցին, թէ Հ.Յ.Դ. զո՞վ պիտի պաշտպանէ եթէ Սերժ Սարգսեանի հետ երկրորդ փուլ անցնի այլ թեկնածու մը, Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց. «Եթէ լինի երկրորդ փուլ, ապա այդ ժամանակ Դաշնակցութիւնը կը գնահատի իրավիճակը, երկրորդ փուլ անցածների պարտաւորութիւնները, որոնցում կը ներառուեն նաեւ առաջին փուլի հիմնական շեշտադրումները, եւ այդժամ էլ կ’որոշի, թէ ում սատարի: Մենք կարծում ենք, որ մեր թեկնածուն է դուրս գալու երկրորդ փուլ»:
Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ ինչո՞ւ Հ.Յ.Դ.ն չի պաշտպաներ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը, Ա. Ռուստամեան ըսաւ. «Նախ՝ մենք Սերժ Սարգսեանին դէմ չենք: Մենք «դէմ»ի գաղափարով չենք առաջնորդւում: Մենք այս կամ այն անձին դէմ չենք: Մենք թշնամի չենք փնտռում մեր երկրում: Ընդհակառակը, մենք «յանուն»ի համար ուզում ենք, որ բոլորը միաւորուեն: Թող մեզ ասեն՝ ձեր պատկերացրած խնդիրները «յանուն»ի համար չեն, «ընդդէմ»ի համար են, այդ հարցերը չկան, դուք սխալ էք գնահատել իրավիճակը, այդպիսի խնդիր խորութեամբ գոյութիւն չունի: Խնդրեմ, նստենք բանավիճենք այդ առարկայի, խնդիրների մասին, ոչ թէ վիճենք իրար նուաստացնելու, իրար վրայ ցեխ շպրտելու համար»։
Ան յայտարարեց, որ Հ.Յ.Դ.ն ոչ ոքի նկատմամբ հակաքարոզչութիւն պիտի ընէ, բայց նաեւ պատրաստ է հակադարձելու այն ուժերուն, որոնք կը փորձեն հակաքարոզչութիւն ընել Հ.Յ.Դ.ի դէմ:
Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ նաեւ Հ.Յ.Դ.ի կողմէ երկու անուններու հարցին եւ ըսաւ, թէ «այդ մրցակցութիւնը լինելու է բաց: Մեր հանդիպումները լինելու են մեր շարքերի հետ, մարզերում, համակիր շրջանակներում: Մենք ներկայացնելու ենք մեր մօտեցումները, մեր տեսակէտները: Ամէն ինչ լինելու է այն տրամաբանութեամբ, որը Դաշնակցութիւնն է պաշտպանելու, որովհետեւ երկուսիցս ով էլ ընտրուի, ի վերջոյ ժողովուրդը Դաշնակցութեանն է պաշտպանելու», եւ աւելցուց, որ տարբերութիւնը ընդամէնը անձի, անհատի մէջ է. «Ես կարող եմ շեշտադրումներն իմ ոճով անել, Վահանը՝ իր ոճով: Մենք նոյնն ենք գաղափարապէս, բայց ոճերի տարբերութիւն, այնուամենայնիւ, կայ», դիտել տուաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Լ. Տ. Պետրոսեանի թեկնածութեան առաջադրման հաւանականութեան եւ բնական գտաւ այդ մէկը, ըսելով. «Դաշնակցութիւնը կարծում է, որ լաւ կը լինի, եթէ նա առաջադրուի… առաջին նախագահի առաջադրումը կը նպաստի նախագահի ընտրութիւնը քաղաքականացնելուն եւ գաղափարականացնելուն: Եթէ Տէր Պետրոսեանը մտնի քաղաքական պայքարի մեջ, ապա այդ պայքարը կը դառնայ շատ ավելի գաղափարական»:
Ռուստամեան նոյն հարցով շարունակեց ըսելով՝ «Ի հարկէ տասը տարի է, որ մենք Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տեսակէտներն ամբողջութեամբ չենք լսել, չգիտենք, թէ ինչ փոփոխութիւններ են նրա մեջ տեղի ունեցել, այնուամենայնիւ գիտենք, որ այն ժամանակ, երբ մենք ընդդիմութիւն էինք, հայ իրականութեան մէջ երկու հիմնական գաղափարախօսութիւն կար՝ մէկն ազգային, միւսը՝ ազգայինը մերժող, քոզմոփոլիթ կամ միջազգայնական մօտեցումներով»:
Միւս կողմէ նոյն հարցերուն անդրադարձաւ նաեւ ընկերային ապահովութեան նախարար Աղուան Վարդանեան եւ ըսաւ, թէ «գրագէտ կազմակերպուած նախընտրական արշաւների արդիւնքում տարէցտարի աճում է Հ.Յ.Դ.ին ձայն տուողների թիւը»:
Մեկնաբանելով նախագահական ընտրութիւններուն սեփական թեկնածուով մասնակցելու մասին Հ.Յ.Դ. յայտարարութիւնը, նախարար Վարդանեան ըսաւ, որ «ժողովրդին առնչուելու եւ հասարակութեանը ներկայանալու այնպիսի մի հնարաւորութիւն, ինչպիսին նախագահական ընտրութիւններն են, Հ.Յ.Դ.ն չէր կարող բաց թողնել»:
Խօսելով դաշնակցական նախարարներու պաշտօններէն հրաժարելու հարցին մասին, նախարար Աղուան Վարդանեան ըսաւ. «Մենք առաջնորդուելու ենք մեր կուսակցութեան որոշումներով, մնացեալը արդէն բանակցութիւնների կամ նպատակայարմարութեան խնդիր է: Եթէ հանրապետութեան նախագահը կամ վարչապետը նպատակայարմար կը գտնեն, որ դաշնակցական նախարարները պիտի թողնեն աշխատանքը, խնդիր չկայ, կը թողնենք: Եթէ նպատակայարմար կը գտնեն Դաշնակցութեան հետ բանակցութիւններին, որ շարունակելու ենք աշխատանքը, սա եւս բնական է, քաղաքական մշակոյթի մէջ տեղաւորւում է, հակասութիւններ բացարձակ չկան եւ պէտք չէ փնտռել»: