Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի գրասենեակէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ նահանգապետը կը շնորհաւորէ Հայաստանի անկախութեան տօնը:
Շուարցնեկըր կ’ըսէ. «Գոհունակութեամբ կ’ողջունեմ բոլոր անոնք, որոնք կը տօնախմբեն Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը:
«Միշտ յատուկ առիթներով է, որ մարդիկ կը հաւաքուին ուրախանալու իրենց ժառանգութեամբ եւ առանձնաշնորհեալ կը զգամ, որ ամերիկահայութեան կը միանամ այս տօնական օրուան առիթով: Դուք կը հարստացնէք մեր ազգը (եւ յատկապէս մեր նահանգը) ձեր աշխատասիրութեամբ, ծառայակամութեամբ եւ մշակութային հրաշալի գունաւորումով: Շնորհակալութիւն Քալիֆորնիոյ իւրայատուկ եւ զարգացող այլազանութեան ձեր բերած նպաստին համար:
«Պատուելով մեր նախնիները, մենք ոչ միայն մենք մեզ աւելի լաւ կը ճանչնանք, այլեւ աւելի լաւ կրնանք գնահատել այն մշակոյթները եւ սովորութիւնները, որոնք բաղկացուցիչ տարրերէն են Ոսկեայ նահանգին:
«Բոլոր քալիֆորնիացիներուն անունով կը խնդրեմ ընդունիլ լաւագոյն մաղթանքներս բովանդակալից տօնախմբութեան մը առիթով եւ ապագայի յաջողութիւններ ձեզի»: