
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի յայտնեցին, որ Կազայի մէջ մարդկային կորուստները «անտանելի են», եւ ընդգծեցին Կազայի մէջ «անմիջական» զինադադար հաստատելու «հրատապ կարիքը» եւ «բոլոր գերիները» ազատ արձակելու հրամայականը` զգուշացնելով Իսրայէլը Ռաֆահի դէմ իր հաւանական յարձակումին «վտանգաւոր հետեւանքներէն»:
Երեք ղեկավարները ֆրանսական «Լը Մոնտ», ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ», յորդանանեան «Ռայ» եւ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսած իրենց միացեալ յօդուածին մէջ կը յայտնեն հետեւեալը. «Կազայի մէջ պատերազմը եւ այդտեղ անոր պատճառած մարդասիրական աղէտալի տառապանքը պէտք է հիմա աւարտի»:
Անոնք նաեւ նշեցին, որ «հրատապ կարիք» կայ Կազային մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու եւ ցրուելու` աւելցնելով. «Կազայի մէջ պաղեստինցիները այլեւս պարզապէս սովի վտանգը չեն դիմագրաւեր, որովհետեւ սովը արդէն իրողապէս սկսաւ»:
«Բռնութիւնը, ահաբեկչութիւնը եւ պատերազմը չեն կրնար Միջին Արեւելքին խաղաղութիւն բերել, սակայն «երկու պետութիւններ»ու (Պաղեստին եւ Իսրայէլ) լուծումը այդ մէկը պիտի իրագործէ, որովհետեւ խաղաղութեան եւ բոլորին ապահովութիւն երաշխաւորելու միակ հաւաստի ուղին է», գրած են անոնք` յորդորելով «վերջ տալ բոլոր միակողմանի քայլերուն, ներառեալ բնակեցման աշխատանքին եւ հողերու գրաւման», ինչպէս նաեւ անոնք Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղեն` բնակեցուածներու կողմէ գործադրուող բռնարարքները արգիլելու:
«Իսրայէլի վրայ պէտք է ճնշում բանեցնել եւ թերեւս պատժամիջոցներ հաստատել` Կազա մարդասիրական օժանդակութիւնները հասցնելու համար միջանցքները բանալու համար», յայտարարեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ:
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտարարեց, որ շարժումը Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու վերջին փուլին ընթացքին ստանձնած է Իսրայէլի կեցուածքը:
«Համաս»ը, ողջունելէ ետք միջնորդներու թափած մեծ ջանքերը՝ յայտարարեց. «Իսրայէլեան կեցուածքը կը շարունակէ յամառութիւնը ըլլալ. անիկա չընդառաջեց մեր ժողովուրդին եւ մեր դիմադրութեան պահանջներէն որեւէ մէկուն: Հակառակ այդ իրողութեան, շարժումի ղեկավարութիւնը ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ հայրենասիրութեան ոգիով կը սերտէ ներկայացուած առաջարկը եւ անոնց սերտողութիւնը աւարտելէ ետք իր պատասխանը պիտի ուղարկէ միջնորդներուն»:
«Գահիրէի քննարկումները ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, սակայն հարցը կրնայ ժամանակի կարօտիլ», լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ, իր որակումով, «արդիւնաւէտ ժողով»էն ետք յայտարարեց, թէ գերիներու փոխանակման գործարքին շուրջ համաձայնութեան գոյացումը դժուար է, սակայն տակաւին կարելի է:
«ՌԱՖԱՀԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԺԱՄԿԷՏԸ ՃՇԴՈՒԵՑԱՒ». ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Ռաֆահ իսրայէլեան ներխուժման ժամկէտը ճշդուած է: «Գահիրէի մէջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ մանրամասն զեկուցում ստացայ, եւ մենք անդադար կ՛աշխատինք իրագործելու մեր նպատակները, որոնցմէ գլխաւորները բոլոր գերիները ազատ արձակելը եւ «Համաս»ի վրայ ամբողջական յաղթանակ արձանագրելն է: Այդ յաղթանակը կը պահանջէ մուտք գործել Ռաֆահ եւ ոչնչացնել այնտեղ գտնուող ահաբեկչական փաղանգները: Այդ մէկը պիտի իրականանայ: Ժամկէտը ճշդուեցաւ», յայտարարեց Իսրայէլի Նեթանիահու: