
10 Ապրիլին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կատարեց իր 2000րդ պարեկութիւնը:
Ըստ առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ տեղադրուած տեղեկութեան՝ դիտորդներուն յանձնարարուած էր դիտարկում իրականացնել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական կողմէն եւ զեկուցել իրավիճակին մասին:
Կը նշուի, որ առաքելութիւնը պարեկութիւն կը կատարէ 6՝ Եղէգնաձորի, Կապանի, Գորիսի, Ջերմուկի, Մարտունիի եւ Իջեւանի յենակէտերէն: