Հայաստանի Ազգային ժողովը 11 Ապրիլին ընդդիմութեան նախաձեռնած՝ հասարակական հետաքրքրութիւն ներկայացնող «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանական Հանրապետութեան միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հիմնախնդիրները» նիւթով հրատապ քննարկման իբրեւ արդիւնք առաջարկուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանական Հանրապետութեան միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծով վերաբերեալ» Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծը չընդունեց:
«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ առաջարկուող նախագիծին մէջ կան սկզբունքային արձանագրութիւններ եւ ձեւակերպումներ: «Նկատի ունենալով, որ մեծամասնութիւնը չի քուէարկելու, տեղեկացնում ենք, որ այսօր այն կը դրուի նաեւ պաշտօնական շրջանառութեան մէջ, մեծամասնութեանը հնարաւորութիւն կը տրուի առաւել ակտիւ (աշխուժ) աշխատել այդ նախագծի մասով», ըսաւ ան:
Այսպէս, նախագիծին կողմ քուէարկեցին 105 պատգամաւորներէն 31ը, դէմ՝ միայն մէկը: