
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Կիրակի, Մարտ 31 ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ընտրութիւնները։ Այս ընտրութիւններուն արդիւնքները բաւարար չափով չլուսաբանուեցան եւ չմեկնաբանուեցան հայկական մամուլին մէջ։ Դժբախտաբար։ Հակառակ այն իրողութեան, որ ընտրութիւններու արդիւնքները իշխող վարչախումբին պարտութիւնը գուժեցին եւ այդ մէկը կրնայ մեկնարկը ըլլալ իսլամական կուսակցութեան դիրքերուն տատանումին, բայց եւ այնպէս հայկական լրատուամիջոցները անոնց վրայէն առհասարակ պարզունակ ձեւով անցան։
Անցեալ տարի նախագահական ընտրութիւններուն Էրտողան համոզիչ եւ մեծ յաղթանակ տարած էր իր մրցակիցներուն նկատմամբ։ Քանի մը ամիսներ բաւարար եղան պատկերը յեղաշրջուելու համար։ Ամէնէն մեծ յաղթանակը արձանագրեց Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, որուն կեդրոնական դէմքը Էքրեմ Իմամօղլուն է, որ Պոլսոյ քաղաքապետն էր եւ վերընտրուեցաւ իր պաշտօնին։ Մեծ հաւանականութեամբ, ան յաջորդ ընտրութիւններուն պիտի դառնայ նախագահի թեկնածու եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հաւանական թեկնածու՝ Էրտողանի փեսային՝ Սելճուք Պայրաքտարի գլխաւոր մրցակիցը։
Բնականաբար այս ընտրութիւններու արդիւնքները պայմանաւորուած էին քանի մը գործօններով։
Թուրքիա, ՆԱԹՕի անդամ ըլլալով հանդերձ, կը խուսանաւէ ռուս-ուքրանական պատերազմի շրջագիծէն ներս։ Ան չէ միացած Արեւմուտքին կողմէ Ռուսիոյ դէմ կիրառուող պատժամիջոցներուն։ Այս հանգամանքը հաշտ աչքով չի դիտուիր անոր դաշնակիցներուն կողմէ։ Էրտողանի Թուրքիան տնտեսական եւ քաղաքական սերտ կապերու մէջ է Ռուսիոյ հետ եւ կ՛օգտուի անոր մեկուսացման իրավիճակէն, տնտեսական առաւելագոյն շահերը ապահովելով։ Միաժամանակ, Անգարա Ուքրանիոյ կը տրամադրէ անօդաչու թռչող սարքեր։ Երկու պարաններու վրայ խաղալու վարժ Էրտողանը ցարդ յաջողած էր երկիրին ապահովել տարանցիկութեան կարգավիճակ։ Սակայն, նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին, արդէն իսկ սկսաւ ակնյայտ դառնալ արեւմտեան ճնշումը Թուրքիոյ վրայ։ Արեւմուտքը եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգները, թէեւ դանդաղ, բայց սկսան որոշ տնտեսական սեղմումներ սահմանել Թուրքիոյ նկատմամբ։ Արդիւնքը եղաւ այն որ թրքական լիրային արժեզրկումը հասած է մեծ չափերու։ Վերջին երեք տարիներուն լիրան արժեզրկուած է 300 առ հարիւրով, մէկ տոլարի դիմաց հասնելով 32.4ի։ Այս արժեզրկումը իր ժխտական անդրադարձը սկսած է ունենալ բնակչութեան վրայ։ Սղաճը արագօրէն կը շարունակուի։ Անգործութիւնը հասած է մտահոգիչ մակարդակի։ Միջին խաւը, որ երկիրի տնտեսութեան շարժիչ ուժն է, սկսած է չքանալ։ Շուրջ մէկ տարի առաջ պատահած երկրաշարժը եւս տնտեսական ծանր հարուած մըն էր երկիրի տնտեսութեան համար։ Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, երկրաշարժի վնասները գնահատուեցան 50-60 միլիառ տոլարով, իսկ ոչ-պաշտօնական աղբիւրներ կը խօսին 250 միլիառ տոլարի վնասի մասին։ Ասոնց զուգահեռ, Եգէական ծովու հարստութիւններուն տիրանալու Էրտողանի ախորժակներն ու նախատեսութիւնները ի դերեւ ելան ամերիկեան յստակ դիրքորոշումին պատճառով։ Ամերիկայի այս կեցուածքը տնտեսական եւ քաղաքական ճնշում էր Թուրքիոյ վրայ, Ռուսիոյ հետ Անգարայի սիրալիր յարաբերութիւններուն դէմ։
Էրտողանի քաղաքական կարգախօսները, որոնց շնորհիւ ան յաղթանակ արձանագրեց նախագահական ընտրութիւններուն, այս անգամ չկրցան համոզել ընտրողները։ Այն քաղաքներն ու նահանգները, որոնք կը հանդիսանային անոր ընտրական յենարանները, մեծաւ մասամբ քուէարկած են ընդդիմութեան ի նպաստ։ Այս հանգամանքը լուրջ մտահոգութիւն է իշխող կուսակցութեան համար, որ տնտեսական հեղձուցիչ պայմաններու բերումով սկսած է կորսնցնել իր ընտրազանգուածը։
Տնտեսական այս իրավիճակը հիմնական պատճառը հանդիսացաւ Էրտողանի կուսակցութեան պարտութեան։ Նախագահական ընտրութիւններուն ընդդիմութեան դէմ Էրտողան տարած էր 15 կէտի առաւելութեամբ յաղթանակ, իսկ այս ընտրութիւններուն անոր կուսակցութիւնը պարտուեցաւ 2 կէտի տարբերութեամբ։ Թուաբանական պարզ հաշուարկով ան կորսնցուցած է 17 կէտ։
Այս պարտութիւնը նոր էջ պիտի բանայ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ։ Էրտողան պիտի չկարենայ ազատ շարժիլ այնպէս ինչպէս նախկին 22 տարիներուն էր։ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները նոյն ձեւով շարունակուելու պարագային, ճնշումը աւելի պիտի մեծնայ։ Արեւմուտքը տակաւին նշաններ ցոյց չի տար սեղմումները մեղմելու եւ շատ հաւանական է որ անոնք աւելի խստանան, մինչեւ Էրտողանի կուսակցութեան ամբողջական պարտութիւնը եւ իշխանութեան տապալումը։
Քաղաքական աշխարհի խաղերուն լաւապէս տիրապետող Էրտողան շատ լաւ կը հասկնայ այս բոլորը։ Պատահականութիւն չէր որ տակաւին ժամանակ մը առաջ ան յայտարարեց, թէ թեկնածու պիտի չներկայանայ 2028ին նախատեսուած Թուրքիոյ յաջորդ ընտրութիւններուն։ Ան չուզեր անփառունակ պարտութեամբ հեռանալ քաղաքական կեանքէն։
Թուրքիոյ վարչակարգի փոփոխութիւնը եւ Արեւմուտքին կողմէ աւելի վերահսկելի իշխանութեան ձեւաւորումը ի՞նչ կրնայ բերել Հայաստանին եւ հայութեան․ մեզի համար այս հարցումին պատասխանը ունենալն է էականը։ Հեռանալով Ռուսիայէն, բնականաբար Ատրպէյճանի հետ ալ անոր յարաբերութիւնները կրնան նոյնքան ջերմ եւ «եղբայրական» չըլլալ ինչպէս որ է հիմա։ Ճիշդ է այդ յարաբերութիւնները հիմնուած են ընդհանուր շահերու եւ Հայաստանի դէմ անոնց ախորժակներով, բայց արեւմտեան զսպող գործօնը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ։ Մանաւանդ որ ակնյայտօրէն Արեւմուտքը սկսած է թափանցել Կովկաս եւ Հայաստան, զանոնք ներառնելու համար արեւմտեան պլոքին մէջ։