
Գանատան միացաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան։ Այս մասին գրած է առաքելութիւնը իր «Էքս»ի իր էջին վրայ՝ նշելով, որ օր մը առաջ ընդունեցին գանատացի առաջին փորձագէտ Ալեքսանտր Կրուշեւսքին:
«Շնորհակալութի՛ւն Գանատա` արժէքաւոր համագործակցութեան համար», կ՛ըսէ առաքելութիւնը։
16 Ապրիլին, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի եւս ողջունեց գանատացի առաջին փորձագէտին միացումը Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան:
