«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Ազգային ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան անդրադարձաւ օր մը առաջ Ցեղասպանութեան նահատակներու ցանկերուն վերաբերող իր յայտարարութեան եւ ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած անձերուն ցանկերու ամբողջականացման մասին յայտարարութիւնը իր անձնական մօտեցումն է, եւ քաղաքական որոշում չկայ անոր մէջ՝ շեշտելով, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անոր հետ կապ չունի։
Ան նշեց, որ ինք կասկածի տակ չի դներ Ցեղասպանութեան փաստը եւ 1.5 միլիոն թիւը, պարզապէս այդ իր մօտեցումն է, որ յաւելեալ փաստերով պէտք է հարստացնել եղած տեղեկութիւնը, «ինչը կ՛օգնի, որ ի յայտ գան ոչ միայն Ցեղասպանութեանը զոհ գնացածների տուեալները, այլ նաեւ պահանջատէր լինել, քանի որ այդ մարդիկ նաեւ կարողութիւններ ու հարստութիւն են կորցրել»:
Յիշեցնենք, որ Կիրակի օր «Ազատութեան» եթերէն Քոչարեան յայտարարած էր, որ Փաշինեան նպատակ ունի Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրական հիմքեր կառուցել եւ աւելի առարկայական դարձնել ցեղասպանութեան ենթարկուած հայրենակիցներուն ամբողջ ցանկը: Իսկ Երկուշաբթի օր, Քոչարեան նոյնը հաստատեց խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին:
Ցեղասպանագէտ, Ցեղասպանութեան թանգարանի նախկին փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան իշխանութեան այս նախաձեռնութիւնը խիստ վտանգաւոր նկատեց՝ յիշեցնելով, որ ցանկեր կազմելու գաղափարը թրքական ժխտողական թէզերէն մէկն է, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է 1960ականներուն: