Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու կարեւոր գործօններ են երկխօսութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնիշխանութեան յարգումը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու ու միջազգային իրաւունքի անձեռնմխելիութիւնը:
16 Ապրիլին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մօտ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի:
Ըստ անոր՝ պատերազմը երբեք հարցեր չի լուծեր:
«Մենք դժգոհ ենք տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան հնարաւոր աճէն, որ կը վնասէ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ դրացի Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին: Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ պահպանելու հանգստութիւնը, զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ շարունակելու երկխօսութիւնը խաղաղութեան շուրջ», նշեց ան։
Սոպհանի հաստատեց, որ Իրանի դրացիներուն ապահովութիւնը իրը կը նկատէ։
Ան շեշտեց, որ Իրանի կարմիր գիծերը չեն փոխուած. միջազգայնօրէն գծուած սահմաններուն եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան դէմ արտայայտուած է Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեան, եւ ասիկա կարելի չէ անտեսել։
«Եթէ կան սահմանային հարցեր, անոնք պէտք է լուծուին երկխօսութեան միջոցով, հիմնուած՝ ընդհանուր ընկալումներու, ինչպէս նաեւ երկիրներու ազգային ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելուն վրայ: Մենք կողմնակից ենք խաղաղ ուղիով միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու ճանաչման», նշեց Սոպհանի։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Երեւանի մէջ որոշ եւրոպական դեսպանատուներ «Թուիթըր»ի իրենց էջերուն վրայ հայերէնով եւ պարսկերէնով կը տարածեն իրենց երկիրներու ղեկավարներուն միակողմանի եւ ոչ-ճիշդ դիրքորոշումը՝ Իրանի իրաւական պատասխանին վերաբերեալ (Իսրայէլին – Խմբ.):
«Անոնք կը փափաքին հայ ժողովուրդը ենթարկել իրենց կեղծ քաղաքականութեան ազդեցութեան եւ վարկաբեկել Իրանը՝ հայկական հասարակական կարծիքին մէջ: Ես անոնց խորհուրդ կու տամ դադրեցնել այս կեղծաւորութիւնը եւ չփորձել Հայաստանը ներգրաւել իրենց աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններուն մէջ: Այստեղ գիտեն, որ սիոնական վարչակարգը Հարաւային Կովկասի մէջ անկայունութեան հիմնական գործօններէն մէկն է, եւ որ Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին հայ զինուորները զոհուեցան իսրայէլական զէնքերով: Անկարելի է երկակի չափանիշներու քաղաքականութեան միջոցով տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն ապահովել: Ձեր պահուածքը եւ ձեր անտրամաբանական աջակցութիւնը՝ չար վարչակարգին, բացարձակ չարիքը կը դարձնէ սովորական: Եթէ կայունութիւն կը փնտռէք, ազնիւ եղէք: Ահաբեկչութիւնը լաւ կամ վատ չէ: Այս ընտրողական մօտեցումը միայն կը խրախուսէ սիոնական վարչակարգի արկածախնդրութիւնը եւ տարածաշրջանը կը տանի դէպի պատերազմ: Իրանի քաղաքականութիւնը հիմնուած է խաղաղութեան եւ բարեկամութեան առանցքին վրայ: Մեր ուղերձը տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհին՝ խաղաղութիւնը, ապահովութիւնը եւ յառաջընթացն է բոլոր երկիրներուն համար։ Դրացնութեան քաղաքականութիւնը Իրանի գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն է», նշեց Սոպհանի:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ՝ Փաշինեանի Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումին։
«Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ Հայաստան եւ ամբողջ Կովկասը չվերածուին աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան դաշտի, եւ որ Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններու զարգացումը տեղի չունենայ այլ երկիրներու հաշուոյն: Հայաստանի իշխանութիւնները մեզի յայտնեցին, որ արտաքին քաղաքականութեան բազմաուղղուածութիւնը Իրանի հետ յարաբերութիւններուն դէմ չէ: Մենք լաւ, ռազմավարական յարաբերութիւններ հաստատած ենք Հայաստանի հետ: Մենք կը շարունակենք այս ուղղութեամբ, յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ», նշեց Սոպհանի։
Ան աւելցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Թեհրանին յայտնեցին, որ հանդիպումը բացառապէս տնտեսական նպատակներով եղած է, եւ որ անիկա նպատակ ունեցած է նաեւ աջակցութիւն ստանալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար:
«Մենք դէմ չենք Հայաստանի իշխանութիւններուն` տնտեսութիւնը զարգացնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներուն հարցերը լուծելու ջանքերուն: Տնտեսական հարցերու լուծման ուղիներ գտնելը Հայաստանի իրաւունքն է», ըսաւ Սոպհանի։