Երեւան հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, իբր թէ Պրիւքսէլի հանդիպումի յայտարարութիւններէն բացի, նաեւ փաստաթուղթեր ստորագրուած են:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտարարեց, որ Փաշինեան-Պլինքըն-Ֆոն տեր Լէյեն 5 Ապրիլի հանդիպումին գաղտնի օրակարգ չէ եղած:
«Ադրբեջանական լրատուամիջոցներում հրապարակուած թուղթը կեղծ է. նման հարցեր բրիւսելեան հանդիպման օրակարգում չեն եղել: Բրիւսելում քննարկուած հարցերի ամբողջ օրակարգն արտայայտուած է հանդիպումից յետոյ տարածուած համատեղ մամուլի հաղորդագրութեան մէջ: Մամուլի հաղորդագրութեան օրակարգից դուրս նշուած ցանկացած պնդում կեղծ է», ըսաւ Բադալեան:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հանդիպումը Հայաստանի դիմադրողականութեան բարձրացման եւ տնտեսութեան բազմազանութեան մասին էր, եւ անոր շուրջ բարձրացած աղմուկը անտեղի է: