
«ԱՐՑԱԽԻ ԷՋԸ ՓԱԿՈՒԱԾ ՉԷ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ». ԱՐԱՄ Ա.
«Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազտրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» համագումարը նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» շվերլուծական հարթակին, ընթացք առաւ Շաբաթ, 20 Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփոյի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի եւ մասնակցութեամբ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն հրաւիրուած պատմաբաններու, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու եւ քաղաքագէտներու:
Հայրապետական պատգամով Արամ Ա. կաթողիկոսը կատարեց համագումարին բացումը: Ողջունելով Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազին ներկայութիւնը՝ հայրապետը գնահատեց յանուն արդարութեան տարած անոր գործունէութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ արդարութիւնը Աստուծոյ ընծայած շնորհքն է եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, որուն հաւատարիմ է հայ եկեղեցին: «Այս համագումարը կը միտի արծարծելու այն ճանապարհները, որոնք կը տանին արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգումին, որովհետեւ Արցախի էջը փակուած չէ՛ մեզի համար», ընդգծեց վեհափառը:
Ապա, Արցախի կացութեան վերաբերեալ դոկտ. Օքամփոյի վերջին երկու տեղեկագիրներու լոյսին տակ, հայրապետը հարցադրումներով բարձրացուց Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան հանդէպ միջազգային ընտանիքին անտարբերութեան հարցը, ինչպէս նաեւ՝ Միջազգային քրէական դատարանին դիմաց Ալիեւը հետաքննութեան ենթարկելու կարելիութիւնները: Հայրապետը նաեւ հարց դրաւ արցախահայութեան վերադարձի եւ իրաւունքներու վերահաստատման հարցերով միջազգային օրէնքի հեռանկարները, մանաւանդ երբ Ատրպէյճան ինք կը հրաւիրէ արցախահայութիւնը Արցախ վերադառնալ իբրեւ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ: Վեհափառը վերոնշեալ երկու հարցերը որակեց իբրեւ գոյակցական պայքար եւ ընդգծեց անոնց թէ՛ իրաւաբանական եւ թէ քաղաքական հարցեր ըլլալը: Այս հարցերուն լոյսին տակ, հայրապետը հրաւիրեց դոկտ. Օքամփոն՝ «Ատրպէյճանի Իրականացուցած ցեղասպանութիւնը եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը» նիւթը ներկայացնելու:
Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան հակիրճ տողերով ներկայացուց դասախօսը եւ անոր հայանպաստ աշխատանքը:
Դոկտ. Լուիս Մերենօ Օքամփօ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ պէտք է շարունակենք Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն, որովհետեւ առանց ցեղասպանութեան հատուցման՝ արցախահայութեան վերադարձը եւ իրենց իրաւունքներու ապահովումը անկարելի է: Խօսելով պետութիւններու անտարբերութեան մասին՝ ան ըսաւ, որ պատճառը պետութիւններու պարտաւորութիւններէ խուսափիլն է եւ իրենց աշխարհաքաղաքական շահերուն չհամընկնիլը: Այս ծիրին մէջ, ան յանձնարարեց նեղի մատնել ղեկավարները՝ Ալիեւի հետ իրենց գործակցութեան համար: Օքամփօ նաեւ բացատրեց միջազգային օրէնքի նրբութիւնները, օրինակ երբ Ալիեւին ցեղասպան անուանելը կը պահանջէ յատուկ դատավարութիւն, ուստի նոյն հարցը տարբեր կերպով կարելի է բարձրացնել:
Օքամփոյի զեկոյցէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ ցեղասպանութեան դէմ պայքարը միշտ եղած է հայ ժողովուրդի պայքարներու ճակատին՝ իւրաքանչիւր հանգրուանին ա՛լ աւելի մարտահրաւէրներ բանալով մեր առջեւ: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին, ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պայքարը կրնայ նուաղիլ: Օսկանեան խօսեցաւ Արցախի ցեղասպանութեան հարցը բարձրացնելու շուրջ Օքամփոյի տարած աշխատանքին մասին եւ հարց տուաւ մեր դատին համար իրաւաբանութեան եւ քաղաքականութեան ճիշդ օգտագործումին գծով՝ շեշտելով Հայաստանի իշխանութեան կարեւոր դերակատարութիւնը այս հարցին շուրջ:
Զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ շահաւէտ քննարկում-զրոյց, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի մէջ կատարուած մարդկային իրաւունքներու խախտման քաղաքական հարց ըլլալուն, ինքնավարութեան, երրորդ կողմի պատասխանատուութեան, Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ այս հարցերուն բարձրացման, Սփիւռքի դերակատարութեան, անիրական երազներով պայքար տանելու վտանգին, Ռուսիոյ խաղաղապահ ոյժերու դերակատարութեան եւ հանրային կարծիքի ազդեցութեան մասին, ի շարս այլոց։


ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԳՈՒՄԱՐԵԼ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴ ՆԻՍՏԵՐԸ
«Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ատրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» գիտաժողովը իր առաջին օրուան աշխատանքները աւարտեց վեց նիստերով:
Բացման նիստէն ետք հանդէս եկաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Ատրպէյճանի աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր սահմանակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն դէմ կատարած պատմամշակութային խեղադիւրման քաղաքականութեան:
Ապա, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան խօսեցաւ «Մեծ Ատրպէյճան» ծրագիրին նպատակով համաթուրքական հայեցակարգի հանգրուաններուն եւ այդ մէկուն իրականացման համար աշխարհաքաղաքական շահերու բերումով տարածաշրջանային դերակատարներուն ազդեցութեան մասին:
Դոկտ. Գայիանէ Յովհաննիսեան զեկուցեց Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի վարած ազգային խտրական քաղաքականութեան եւ հակահայ ժողովրդագրական քաղաքականութեան դրսեւորումներուն մասին՝ հիմնական նպատակ ունենալով փոխել շրջանին ցեղային պատկերը: Նիստը վարեց փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան:
Երրորդ նիստին ընթացքին, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան՝ իբրեւ զեկուցաբեր լուսարձակի տակ առաւ 44օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջնային նոր աշխարհառազմավարութիւնը, որուն հիմքը կը կազմեն նոր օսմանականութեան եւ բանթուրքիզմի հայեցակարգերը՝ այս առումով Արցախի հայաթափումը եւ Արցախի ամբողջական կլանումը Ատրպէյճանի կողմէն: Այս նիստին զեկուցեց նաեւ դոկտ. Կարէն Խանլարեան, որ ընդգծեց Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական դերը համաթուրքական ծաւալապաշտութեան խափանման գործընթացքին մէջ՝ մասնաւորապէս թուրք-ատրպէյճանական ցեղասպան դաշինքին կողմէ պարբերաբար հնչող «Զանգեզուրի միջանցք» հռետորաբանութեան առումով եւ անդրադարձաւ Իրանի պետական պաշտօնակատարներու դիրքորոշումներուն այս գծով, իսկ Ահարոն Շխրտըմեան ներկայացուց նոր օսմանականութիւնը եւ այս իմաստով տարբեր ոլորտներու մէջ տարուած քաղաքականութիւնները: Նիստը վարեց փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան:



Չորրորդ նիստի զրուցավարն էր Ահարոն Շխրտըմեան: Ելոյթ ունեցան փրոֆ. Արմէն Մարուքեան, որ Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի քարոզչական-տեղեկատուական ուղղութիւններուն մասին մանրամասնեց եւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կառոյցները պէտք է վերանային իրենց գործունէութեան նախկին մարտավարութիւնը եւ որդեգրեն պայքարի նոր մեթոտներ: Ապա, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան համապարփակ կերպով մատնանշեց Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանական արարքի միջազգային օրէնքին տակ քննարկումը՝ պետական եւ ոչ-պետական կարողականութեան ընձեռած հնարաւորութիւններու ծիրին մէջ եւ կեդրոնացաւ Մեծի Տանն Կիլկիոյ կաթողիկոսութեան 2015ին բացած դատին վրայ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին գծով իբրեւ նախադէպ:
Օրուան վերջին նիստով, դոկտ. Իսկուհի Աւանեսեան ներկայացուց Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները, միջազգային իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները: Փրոֆ. Վահրամ Բալայեան խօսեցաւ Սեպտեմբեր 2023ին Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն մասին եւ Ատրպէյճանի օգտագործած ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող աշխարհագրական դիրքը եւ ուժանիւթային աղբիւրները, ու անդրադարձաւ Արցախի բռնի տեղահանման հետեւանքներուն եւ կործանարար գործընթացը կանխելու կարելիութիւնները: Իսկ Եղիա Թաշճեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի շուրջ յետ 2020ի աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրադարձութիւնները եւ ապագայ մարտահրաւէրները: Նիստը վարեց Տիգրան Եկաւեան:
Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցած զրոյցները աւելիով հարստացուցին ներկայացուած նիւթերը: