ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Կարեւոր է փորձ մը ընել, մտածելու Հայաստանի քաղաքական արեւելումի խնդրին մասին: Ո՞րն է ճիշդ արեւելումը:
Դիտարկումները եւ տրամաբանութիւնը կ՛ըսեն հետեւեալը.
1․ Հայաստան ի վիճակի չէ Թուրքիա-Ատրպէյճան զոյգին պատերազմով սպառնալու:
2․ Թէ՛ Ամերիկա, թէ՛ Ռուսիա, համաշխարհային մակարդակի իրենց մրցակցութեան ծիրին մէջ, կը փափաքին տիրել Հարաւային Կովկասին:
3․ Երկուքն ալ կը փորձեն Հայաստանի վրայ տիրութիւն ընել: Հայաստան անգամ մը եւս վերածուած է կռուախնձորի:
4․ Ռուսիա կը ճնշէ իր թուրք-ատրպէյճանցի դաշնակիցներուն վրայ, որպէսզի հաւատարիմ մնան իրենց եռակողմանի համաձայնութիւններուն (եւ իրենց հակաարեւմուտք շեղումներուն):
5․ Արեւմուտքը կը ճնշէ նոյն զոյգին վրայ՝ պահանջելով հակադրուիլ Ռուսիոյ (ոչ Հայաստանի) եւ հակաարեւմուտք շեղումներ չկատարել: Հոսկէ կու գայ նաեւ իրենց ընդդիմութիւնը՝ պատերազմի ճամբով Հայաստանը ծունկի բերելու այդ զոյգին մտադրութեան:
Այժմ մի քանի իրողութիւն.
1․ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Ռուսիա երրորդութեան բացայայտ նպատակն է տիրել Սիւնիքի «միջանցք»ին: Անդադրում կը պնդեն ասոր վրայ: Եթէ յաջողին, Հայաստանի հակակշիռէն դուրս պիտի գայ ռազմավարական արժէք ունեցող Սիւնիքը, եւ Հայաստանը պիտի վերածուի քաղաքականօրէն անարժէք պետութեան մը: Այս տուեալէն մեկնելով, կարելի՞ է որդեգրել ռուսական կամ թրքական արեւելում: Պարզ չէ՞ որ՝ ոչ:
2․ (ա) Ռուսիա Հայաստանին կրնայ սպառնալ Գիւմրիի իր բանակային միաւորով, սահմաններու վրայ իր ներկայութեամբ եւ տնտեսական-ուժանիւթային ազդեցութեան հուժկու միջոցներով: Կրնայ նաեւ քաջալերել Ատրպէյճանի յարձակողական քայլերը:
(բ) Արտօնելով ատրպէյճանցիներուն, որ շարունակեն իրենց յարձակողական ոճը, Արեւմուտքը Հայաստանի վրայ անուղղակիօրէն կը ճնշէ: Կը ճնշէ նաեւ իր տնտեսական, քարոզչական, յարաբերական եւ մարդուժային գերմիջոցներով, որոնցմով անոնք կ՛ուզեն սիրաշահիլ Հայաստանը, այո՛, բայց դիւրութեամբ կրնան այդ «նուէրները » զլանալ եւ առանձին ձգել Հայաստանը:
Այս տուեալներէն մեկնելով՝ կարելի՞ է երթալ Ռուսիոյ հետ ճակատային բախումի՝ որդեգրելով ամերիկեան արեւելում: Պարզ չէ՞ որ՝ ոչ:
3․ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ունին թէ՛ Արեւմուտքին կապուած շահեր, թէ՛ Ռուսիոյ: Անոնք ի վիճակի չեն արհամարհելու Ամերիկայի կամ Ռուսիոյ կողմէ գծուած կարգ մը կարմիր գիծերը: Այս տուեալը սահման կը դնէ իրենց կարողութիւններուն: Հոսկէ կրնանք եզրակացնել, որ Հայաստանի վիճակը անյոյս չէ:
4․ Կան նաեւ այլ երկիրներու (Իրան, Իսրայէլ, այլ…) դերակատարութիւնները, որոնք կարեւոր են անշուշտ, բայց այստեղ զանց կ՛առնենք, որովհետեւ արեւելումի հարցին նուազ կ՛առնչուին:
***
Եզրակացութիւն. կռուախնձոր եղող Հայաստանը չի կրնար որդեգրել որեւէ միակողմանի արեւելում:
Կը մնայ, որ Հայաստանը փորձէ խաղալ կարելի միակ խաղը՝ ժամանակ շահիլ եւ իմաստութեամբ օգտուիլ շրջանին մէջ գործող պետութիւններու ներքին հակադրութիւններէն:
Այսպիսով կը հասնինք հայկական միակ կարելի արեւելումի հետեւեալ ամփոփ տարազումին.
Մերժել դէպի օտար պետութիւն ուղղուած ամէն միակողմանի արեւելում: Փորձել աւելցնել երկրին անկախութիւնը այլոց տիրապետութենէն: Իմաստութեամբ օգտուիլ այլոց հակադրութիւններէն: Ժամանակ շահիլ եւ օգտուիլ Հայաստանի ռազմավարական դիրքով հետաքրքրուած բոլոր երկիրներէն՝ հզօրացնելու համար երկիրը: Միաժամանակ առաւելագոյն կարելի չափով պաշտպանել երկրին շահերը եւ արժանապատուութիւնը:
Այս արեւելումը գործադրելու համար կարեւոր է զարգացնել ժողովուրդին դիմադրականութիւնը, քաղաքական կամքը եւ գիտակցութիւնը, եւ ամրապնդել ներքին միասնականութիւնը: Պէտք է համախմբուիլ:
Ապրիլ 2024, Պէյրութ
Նկար
0000vatche-papazian