Պոլսոյ «Ակօս» թերթի աշխատակազմէն հայերէն էջերու խմբագրապետ Բագրատ Էսդուգեան եւ ծանօթ լուսանկարիչ Պերճ Արապեան պարգեւատրուեցան «Մեթին Կէօքթեփէ» լրագրութեան մրցանակով։ Անոնք այս պարգեւին արժանացան Արցախէն բռնի տեղահանուած ժողովուրդին հետ իրենց կատարած հարցազրոյցներու շարքին համար, որ արտատպուեցաւ «Ասպարէզ»ի նոր տարուան բացառիկին մէջ։
Մրցանակի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Նազըմ Հիքմեթ» դահլիճին մէջ։ Էսդուգեան իր արտասանած շնորհակալական խօսքին մէջ անդրադարձաւ թրքական մամուլին մէջ տիրող ապատեղեկատուութեան՝ օրինակ բերելով Արցախի 44օրեայ պատերազմի ընթացքին երկրի ամբողջ մամուլին պնդումը, որ իբրեւ թէ պատերազմը սկսած էր հայկական կողմին յարձակումով։ «Պատերազմի աւարտին, Իլհամ Ալիեւի յայտարարութենէն ետք, հազիւ թէ դադրեցաւ այդ ստախօսութիւնը», ըսաւ Էսդուգեան։
Ան նաեւ նշեց, թէ այս մրցանակը յատուկ նշանակութիւն ունի իրենց համար, որովհետեւ անիկա կը կրէ սպաննուած լրագրողի մը՝ Մեթին Կէօքթեփէի անունը։