ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Ուրբաթ, 12 Ապրիլի երեկոյեան, Grand Venue ճաշասրահին մէջ, 54ամեայ պատմութիւն կերտած Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին շուրջ հաւաքուած էին «Փիլիպոս»ի համակիրներ, բարեկամներ, բարերարներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, պաշտօնէութիւն եւ տնօրէնութիւն՝ տօնախմբելու վարժարանի 54 տարիներու հայեցի կրթութեան եւ կրթագիտական աւանդը, անոր փայլուն արդիւնքով դրոշմուած շրջանաւարտները, որոնք ոչ միայն տարածուած են մեր համայնքին մէջ, այլ նաեւ հայրենիքի եւ աշխարհի մէջ, ուր անոնք կ՛իրականացնեն հայանպաստ բարձր մակարդակի զանազան ծրագիրներ։
Երեկոյի հանդիսավարն էր վարժարանիս փայլուն շրջանաւարտներէն, գաղութիս մէջ գործունեայ, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ սարկաւագ եւ «Փիլիպոս»ի յարգելի ծնողք Սուրէն Հազարեան, որ իր ճարտար (երկ)լեզուով, մեծ յաջողութեամբ վարեց յայտագիրը:
Ան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, բարձր գնահատեց վարժարանիս 54ամեայ հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթական նպաստին իւրայատուկ ազդեցութիւնը՝ իրերայաջորդ սերունդներու վրայ:
Ապա, ան բեմ հրաւիրեց երկրորդական վարժարանի աշակերտները, որոնք ներկայացան ազգային եւ ժողովրդական խմբերգներով, խմբավարութեամբ՝ վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Լուսինէ Մելիքսէթեանի եւ ասմունքներու վերահսկողութեամբ՝ հայ գրականութեան դասատու Սոնա Մատարեանի: Աշակերտական հրաշալի եւ փայլուն այս ելոյթը ներառեց՝ «Ապրելու Ապրիլ», «Յուսոյ Առագաստ», «Իմ նոր Հայրենիք» եւ «Մուշ-Մուշ» հայրենասիրական երգերու շարանը, որ արժանացաւ ներկաներու յուզումով լեցուն եւ ուրախութեան ծափողջոյններուն:
Ապա ելոյթ ունեցան «Փիլիպոս»ի պարարուեստի դասատու Աննա Թորոսեան եւ իր զոյգը՝ Արտեոմ Ռուբէնեան, որոնք հայկական «Շալախօ»ի անզուգական կատարումով՝ հայկական պարարուեստի բարձր ճաշակով հրապուրեցին ներկաները:
Ելոյթ ունեցաւ վարժարանիս նուիրուած եւ յարգուած տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեան, որ իր բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց՝ ըսելով. «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին արժանավայել հպարտութեամբ՝ բարի երեկոյ ձեր բոլորին։ Այո՛, 54ամեայ կրթական այս փայլուն օճախին նուիրուած երեկոյին, ազնիւ հպարտութեամբ խօսք կ՛առնեմ, ո՛չ միայն անցեալի եւ ներկայ յաջողութիւններով տօնելու մեր վարժարանի փայլուն նուաճումները եւ մեր շրջանաւարտներու հպարտալի յաջողութիւնները, այլ զուգահեռ այս պահուս, մեծ ցնծութեամբ եւ հպարտօրէն այս բեմէն կը յայտարարեմ՝ Փիլիպոս Ազգային մեր վարժարանի ֆիզիքական ընդարձակման մեծ երազի, կրթական մեր համալիրը ամբողջական դարձնելու տեսլականի իրականացման փառաւոր յաղթանակը, որպէսզի «Փիլիպոս»ի ուսանող եւ շրջանաւարտ դառնալու իւրաքանչիւր հայ պատանիի Մեծ Երազը իրականացնենք: Այս առիթով, երախտագիտութեամբ կը խոնարհինք իւրաքանչիւր անհատի նուիրեալ աշխատանքին եւ զոհողութեան, որ նպաստեց մեր նոր շէնքի գնման ծրագիրի իրականացման եւ մեր գնահատանքի զգացումներն ու շնորահակալիքը կը յայտնենք՝ «Փիլիպոս»ի բոլոր, բոլոր ազնիւ նուիրատուներուն, բարերարներուն եւ հոգատար անհատներուն: Ինչպէս նաեւ, երախտագիտութեան մեծ խօսք ունիմ, «Փիլիպոս»ի ժրաջան ու նուիրեալ այն մեծ բանակին, զոր պատնէշի վրայ գործող նուիրեալ մեր ուսուցիչները եւ պաշտօնէութիւնը կը կազմեն: Վարձքը Կատա՛ր, մեր սիրելի «Փիլիպոս»ի վերելքին նուիրուած ներկայ եւ բացակայ իւրաքանչիւր անհատի», ըսաւ տնօրէնուհին՝ աւելցնելով. «Այս պահուս նաեւ, յիշելով հայրենի մեր Արցախի եւ արցախահայ մեր հայրենակիցներուն բռնի տեղահանութեան ցաւոտ արարքը՝ կը յայտնեմ, թէ ձեր դէմ դրուած ձեռագործ տակդիր յուշանուէրները պատրաստուած են մեր վարժարանի յատուկ պատուէրով, Հայաստանի «ԿերամաԶարդ» արուեստանոց-ուսումնարանի «Գոյ» մարդասիրական հիմնարկին կողմէ. նպատակը՝ արցախահայերուն աշխատանքով ապահովելն էր, որովհետեւ վերջապէս, բոլորս կը հաւատանք, որ Արցախն ու արցախահայը պէ՛տք է ապրին արժանապատիւ եւ յաղթական ոգիով՝ մեր բոլորին միասնական ջանքերով: Վերջապէս մե՛նք, «Փիլիպոս»ը, կը հաւատանք, որ միասնաբար նիւթաբարոյական եւ հաւաքական մեր ջանքերով պիտի փորձենք նոր սերունդին ապահովել եւ փոխանցել՝ ազգային ինքնութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ հպարտ քաղաքացիի վարքով օժտուած՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս անզուգական Ազգային վարժարան»:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, որ իր սրտի խօսքը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց, «Փիլիպոս»ի մէջ տարուած ամէնօրեայ հայ- քրիստոնէավայել դաստիարակութեան «հրաշք» աշխատանքին ի տես, բարձր գնահատելով վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ բարերարներուն նուիրումը եւ զոհողութիւնը։
Մեծ խանդավառութեամբ եւ հպարտ զգացումներով լի տրամադրութիւն մը կը համակէր ներկաները, որոնք վկաներն էին Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի անցեալի եւ ամէնօրեայ վերելքին եւ տակաւ գալիք նոր նուաճումներուն:
երջապէս, նոր վերելքներու եւ նուաճումներու հաւատքով՝
Փա՛ռք ու պատի՛ւ, հայ դպրոցի կայունացման եւ վերելքին նուիրուած մեր համայնքի նուիրեալներուն:
Ապրի՛ եւ յարատեւէ՛ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը՝ իր հայակերտման եւ կրթանպաստ առաքելութեամբ: