Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, 6էն 8 Ապրիլին, Համազգայինի հիմնադրութեան 95ամեակը տօնախմբուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, մեր գաղութին պարգեւելով բերկրանքի եւ ցնծութեան անկրկնելի օրեր:
95ամեակին նուիրուած գլխաւոր հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ օր, Կլենտէյլի Երիցական (Presbyterian) եկեղեցւոյ ընդարձակ սրահին մէջ: Յոբելենական տօնակատարութեան առիթով, յատուկ հրաւէրով Լոս Անճելըս ժամանած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան: Ներկայ էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շրջանէս անդամ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, քոյր կազմակերպութիւններու, պատկան մարմիններու, Համազգայինի մասնաճիւղերու եւ միաւորներու անդամներ, Ազգային վարժարաններու ներկայացուցիչներ ու սրահը լեցուցած հոծ բազմութիւն մը:
Յայտագիրը ընթացք առաւ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն ընդմէջէն կուռ ոճով եւ խօսուն պատկերներով ներկայացուեցաւ Համազգայինի պատմականը՝ հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ օրս, ցոլացնելով հայու անյաղթ ոգին, որ փիւնիկի նման, Մեծ Եղեռնէն միայն 13 տարի ետք յառնած էր 1928ին, երբ առաջին անկախութեան հրաշափառ Յարութիւնը անդարձ կորած էր 1921ին:
Օրուան հանդիսավար Մարալ Ղարիպեան Քալէմքերեանի բացման եւ բարի գալստեան խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քնար Գորթոշեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Համազգայինի ուռճացող երթին, որ աշխարհի տարածքին 19 երկիրներու մէջ հաստատուած հայութեան լեզուամշակութային խարիսխներէն կը հանդիսանայ իր ճեմարաններով, հայագիտական հիմնարկներով, իր արեւմտահայերէն գրական միակ պարբերաթերթ՝ պատուաբեր «Բագին»ով, երիտասարդական ճամբարներով, մանկապատանեկան հրատարակութիւններով, հայերէն խօսող պուպրիկներու շարքով եւ համակարգչային ուսուցողական միջոցներով: «Համազգայինը այսօր համայն աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ ազգային հարստութիւն, մշակութային թեւ ու կարեւոր մաս մեր արժէքային համակարգին, արժանի՝ ամէն տեսակի գնահատանքի եւ զօրակցութեան: Համազգայինը հայ կեանք է, կենցաղ է, մեր ինքնութիւնն է, իւրաքանչիւր հայն է ու միշտ մեր մէջ», շեշտեց Գորթոշեան՝ աւելցնելով, որ Համազգայինը 100ամեակի սեմին, իր մշակութային առաքելութեան հաւատացող երէց թէ երիտասարդ սերունդներով, իրարմով զօրացած կը մնայ յանձնառու Աղբալեաններէ եւ Շանթերէ մեզի փոխանցուած թանկագին աւանդին տէր կանգնելու, 95ամեակը ընդունելով իբրեւ խթան՝ նորոգ ուժով մեր մշակութանուէր առաքելութիւնը աւելի պայծառութեամբ հասցնելու դէպի 100 եւ աւելի ամեակներ:
Համազգայինի համաշխարհային կառոյցին եւ անոր աշխարհածաւալ գործունէութեան անդրադարձաւ Զաքար Քէշիշեան։ «Սփիւռքի զանազան գաղութներու տակաւ առ տակաւ շիջումին հետ, Համազգայինի դերը աւելի եւս կ՛արժեւորուի՝ նոր մարտահրաւէրներ դիմակալելով: Համազգայինը յանձնառու կը մնայ իր ազգապահպանման եւ մայրենիին պաշտպանութեան առաքելութեան, յատկապէս արեւմտահայերէնի պահպանման, որուն համար աւելի քան տասնամեակ մը համազգայինի հովանաւորութեամբ՝ հայերէնի ուսուցիչներ հայագիտական ուսում ստացած են, ապա Հայաստանի բարձրագոյն հայագիտական կաճառներու մէջ մասնագիտացած՝ կը դասաւանդեն սփիւռքեան զանազան ճեմարաններու եւ կրթական օճախներու մէջ: Համազգայինը յանձնառութիւն եւ նուիրաբերում է։ Մեր այսօրուան կիզակէտը կը մնայ արցախահայութեան ճակատագիրը: Հիմա քի՛չ պիտի խօսինք շա՛տ պիտի գործենք: Խելք-խելքի, սիրտ-սիրտի տալու եւ ձեռք-ձեռքի տալու, միասնակամ ըլլալու ամէնէն կարեւոր ժամանակներն են»՝ ըսաւ Քէշիշեան՝ կոչ ուղղելով, որ ազգովին նուազ քննադատենք, այլ շատ գործենք:
Օրուան փայլուն պահերէն մին էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Համազգայինի բարձրագոյն շքանշանով մեծարումը վաստակաւոր համազգայնականներու եւ մշակոյթի գործիչներու, որոնք իրենց աւիւնը ջերմեռանդօրէն ի սպաս դրած էին հայ մշակոյթի բագինին: Ցանկը կը ներառէր նաեւ մեզմէ առյաւէտ հեռացած չորս համազգայնականներ: Յետ մահու պարգեւատրումը առաջին անգամ ըլլալով կը կատարէր Կեդրոնական վարչութիւնը: Պարգեւատրման արարողութիւնը կատարեց Քէշիշեան՝ ընկերակցութեամբ Պապիկեանի:
Համազգայինի 95ամեակի մեծարեալներն էին՝ Ռուբինա Բագրատունի, դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, դոկտ. Ռիթա Որբերեան, Ցոլինէ Խաչատուրեան, Գէորգ Պետիկեան, Վահէ Ժամագործեան, Կարպիս Դերձակեան, Պօղոս Գուբելեան, Գրիշ Դաւթեան, Հրաչ Սիմոնեան, տոքթ. Մհեր Պապեան եւ Վարուժան Տէմիրճեան (վերջինին շքանշանը փոխանցուեցաւ Բագինի 60ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին՝ 8 Ապրիլին, «Ճիվելեկեան» հայ յեդրոնին մէջ):
ՀՕՄի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւններուն կազմակերպած միացեալ ձեռնարկի մը ընթացքին, 7 Ապրիլին, իր գրական եւ մշակութային գործունէութեան 70ամեայ յոբելեանին առիթով, Համազգայինի շքանշան ստացաւ նաեւ մտաւորական Սոնա Զէյթլեան:
Յետ մահու յատուկ մեծարանքի արժանացողներն էին՝ Եդուարդ Մսըրլեան, Գուրգէն Գասապեան, Պետրոս Ալահայտոյեան եւ Խոսրով Ասոյեան: Անոնց յուշանուէրները յանձնուեցան 95ամեակի հանդիսութեան ներկայ իրենց կողակիցներուն կամ ընտանիքի անդամներուն:
Հարկ է նշել նաեւ, որ այս առիթով լոյս ընծայուած էր գրքոյկ մը, որուն մէջ տեղ գտած էին իւրաքանչիւր մեծարեալի ամփոփ կենսագրականը եւ լուսապատկերը:
Հանդիսութեան վերջին բաժինը վերապահուած էր «Հայու Ոգին» խորագիրով գեղարուեստական յայտագիրին, որուն իրենց առիւծի բաժինը բերին Համազգայինի Թատերական միաւորը երկու պատկերներով, 50ամեակի սեմին գտնուող «Անի» պարախումբը՝ իր երէց ու կրտսեր խումբերով, «Սայեաթ Նովա», «Արեգակ» (երիտասարդական) եւ «Նայիրեան» (մանկապատանեկան) երգչախումբերը: Համազգայինի թատերախումբի ղեկավար Գոհար Կարապետեանի մասնագիտական հմտութեամբ, վերոնշեալ միաւորներու միաձուլուած կատարումները հիացմունքի եւ վայելքի անխառն պահեր պարգեւեցին ներկաներուն: Սոյն բաժինին ընթացքին ցուցադրուեցաւ աշխարհացրիւ հայ արուեստագէտներու կատարումով «Հայու Ոգին» երգի տեսերիզը, հայ մշակոյթի գեղարուեստը եւ հաճոյքը վայելելու պահը հասցնելով իր զենիթին:



ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՖԵՐԱՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
Երկուշաբթի, 8 Ապրիլին, ընկերակցութեամբ Քնար Գորթոշեանի՝ Զաքար Քէշիշեան եւ Տիգրան Պապիկեան այցելեցին Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանը եւ դիմաւորուեցան տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի եւ անձնակազմին կողմէ: Պապիկեան՝ վարժարանի նոր բաժինի սրահին մէջ համախմբուած 11րդ եւ 12րդ կարգերու աշակերտներուն ներկայացուց այցելու ընկերոջ հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք աշակերտները ականջալուր լսեցին հիւր ընկերոջ խօսքերը, որոնք համեմուած էին անոր անձնական եւ իբրեւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիրի յուշերով եւ արցախեան կեանքի պատկերներով: Օրը պայծառացաւ անակնկալով մը՝ երբ աշակերտ մը նուագեց շուիի վրայ, մեծ հիացում եւ յուզում պատճառելով հիւրերուն: Ապա Քէշիշեան, գրպանէն իր անբաժան շուին հանելով՝ միացաւ աշակերտին եւ զուգանուագով մը ներկայացուցին Սայաթ Նովան: Այլ անակնկալ մըն էր դասարաններէն մէկուն մէջ ցուցադրուած մեծադիր պատկերի մը մասին տրուած բացատրականը, որ մեծապէս յուզեց Քէշիշեանը եւ ներկաները: Պատկերը ցոյց կու տար 1994ին, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի փորձերէն պահ մը՝ դասախօս-ղեկավար ունենալով Զաքար Քէշիշեանը, իսկ դաշնամուրի վրայ՝ արցախցի զինուոր մը, տարազաւոր, իր զէնքը դրած դաշնամուրին կողքը: Կարելի է՞ր չյուզուիլ, երբ մտովի կը հասնիս՝ ներկայիս թշնամիի ափերուն մէջ գտնուող մեր Շուշին, ու կը տեսնես անոր ծոցէն ծնունդ առած արցախցին եւ Վարանդան բռնագաղթած իրենց հայրենի հողէն ու վտարանդի:
Քէշիշեան՝ իր հայրենասիրական եւ դաստիարակչական, իմաստուն ու հայ մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը շեշտող խրախուսական պատգամներով ներշնչեց աշակերտները, որոնք բացառիկ ու անմոռանալի յիշատակներով բաժնուեցան հիւրէն:
8 Ապրիլի ժամանակացոյցը կը ներառէր նաեւ այցելութիւն մը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը: Քէշիշեանի կարճատեւ այցելութեան ժամանակացոյցին մէջ հարկադրաբար կատարուած փոփոխութիւններու պատճառով, առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեան չէր կրցած ներկայ ըլլալ առաջնորդարանը: Սրբազանին տնօրինումով, յարգոյ հիւրերը Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունուեցան դիւանապետ Քնար Գորթոշեանի կողմէ եւ այցելեցին առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռտ եւ զանազան բաժինները: Դիւանապետը առաջնորդին կողմէ զօրակցական նուէր մը փոխանցեց Համազգայինին եւ յուշանուէրներ՝ յարգարժան հիւրերուն:
«ԲԱԳԻՆ»Ի 60ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄՏԵՐՄԻԿ ՀԱՒԱՔ
Նոյն օրուան երեկոյեան՝Համազգայինի «Բագին» գրական պարբերաթերթի 60ամեակին առիթով, Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած էր մտերմիկ հանդիպում-հիւրասիրութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի «Ճիվելեկեան» հայ կեդրոնի սրահին մէջ: Երեկոն վարեց Արփի Համբարեան Ճիյէրեան, որ տպաւորիչ եւ շատ գեղեցիկ բացման խօսքով մը ընթացք տուաւ յայտագիրին եւ ներկայացուց «Բագին»ի պատմականը, ապա ցուցադրուեցաւ «Բագին»ի 60ամեայ հոլովոյթին նուիրուած հակիրճ տեսանիւթ մը: Առցանց՝ Zoom հարթակով Գանատայէն միացաւ «Բագին»ի այժմու խմբագիր Սոնա Քիլէճեան, որ շատ հաղորդական ոճով բացատրողական մը տուաւ «Բագին»ի ներկայ առաքելութեան եւ նպատակասլաց երթին մասին, յատկապէս շեշտը դնելով նոր գրիչ շարժող երիտասարդ եւ խոստումնալից այն մտաւորականներուն վրայ, որոնք թէեւ ցրուած են հայաշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, սակայն ապագայի նկատմամբ յոյս կը ներշնչեն: Քիլէճեան ուրախութեամբ յայտարարեց նաեւ, որ «Բագին»ի թուայնացման աշխատանքները բաւական յառաջ գացած են եւ շատեր պիտի կարենան առցանց ընթերցել 60ամեայ «Բագին»ի հին եւ անժամանցելի էջերը:
Լաւատեսութեամբ յագեցած զրոյցին հետեւեցաւ հարցում-պատասխանի բաժինը. ներկաները առիթը ունեցան զիրենք յուզող հարցերուն մասին լուսաբանուելու. երեկոն ընդգրկեց նաեւ յուշապատումներ, որուն ընթացքին խօսք առին դոկտ. Յակոբ Կիւլիւճեան եւ Սեդա Գրիգորեան: Եղան առաջարկներ «Բագին»ի մէջ ներառելու պատանեկան երիտասարդական բաժին, ինչպէս նաեւ որդեգրելու լսողական հարթակ: Տեղւոյն վրայ եղան նոր բաժանորդագրուողներ, որոնք նուէր ստացան «Բագին»ի 60ամեակին նուիրուած բացառիկէն օրինակ մը: Երեկոն համեմուեցաւ նաեւ ջութակի վրայ նուագով՝ Շանթ Դանիէլեանի կատարումով:
Փակման խօսք արտասանեց Զաքար Քէշիշեան, որ բարձր գնահատեց «Բագին»ը եւ իբրեւ արեւմտահայերէն միակ գրական պարբերաթերթ անոր գոյերթը. ան բարձր գնահատեց նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկները, յայտնելով որ բացառիկ տպաւորութիւններով պիտի մեկնի յաջորդ օր Ֆրեզնօ, աշխատանքային հանդիպումներ ունենալու եւ Ֆրեզնոյի յիշարժան վայրերը այցելելու, ապա Սան Ֆրանսիսքօ՝ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Եդուարդ Մսըրլեանի գնահատագիրը եւ նուէրը յանձնելու անոր տիկնոջ՝ Վերժին Մսըրլեանին:
Յետ «Բագին»ի ձեռնարկին, Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Շրջանային վարչութեան հետ:
Բովանդակալից եւ պատմական երեք օրեր՝ որոնք իրենց դրոշմը դրին բոլորին յիշողութեան մէջ: Մեծարեալներէն դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան այսպէս արձանագրած էր իր շնորհակալագիրին մէջ՝ «Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հանդիսութիւնը իր շուքով եւ տպաւորիչ յայտագրով ինձ համար կը մնայ ստացածս շքանշանին հետ միաձուլուած անմոռանալի յիշողութիւն: Շնորհակալ եմ»:
Մենք՝ յաւերժ ենք մեր մշակոյթով:
Կանաչ երթ Համազգայինին դէպի նոր ամեակներ:(Թղթակցութիւնը՝ Համազգայինէն)
