Հնդկաստան լաւ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի հետ, բայց Նիւ Տելհին նաեւ հետամուտ է Հնդկաստանի պաշտպանական միջոցներու արտածումը խթանելու:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռանտհիր Ճէյսուալ:
Շեշտելով, որ Հնդկաստան լաւ կապեր ունի երկու երկիրներուն հետ՝ ան դիտել տուաւ, որ իր երկիրը կ՛իրականացնէ պաշտպանական միջոցներու արտածումը խթանելու քաղաքականութիւն՝ պատասխանելով Հնդկաստանի՝ Հայաստանին զէնք մատակարարելուն վերաբերող Ատրպէյճանի քննադատութիւններուն մասին հարցումին: