Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկը: «Ազատութիւն» կը տեղեկացնէ, որ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել, ըստ որուն, ասիկա կարեւոր քայլ է երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու համար:
«Մենք կ՛ողջունենք լուրը, որուն համաձայն, Հայաստան եւ Ատրպէյճանը 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրը ընդունած են իբրեւ երկու երկիրներու սահմանազատման հիմք», ըսաւ Փաթել՝ վկայակոչելով Միացեալ Նահագներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի 20 Ապրիլի յայտարարութիւնը:
Երեւան եւ Պաքու 19 Ապրիլին յայտարարեցին, թէ «նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած են» Տաւուշ-Ղազախ սահմանի որոշ հատուածներ համապատասխանեցնելու «Խորհրդային Միութեան քանդման պահու դրութեամբ գոյութիւն ունեցած միջհանրապետական սահմանին»: