Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակին դիմաց, խումբ մը քաղաքացիներ խաղաղ իրազեկման ցոյց մը կատարեցին` ի պաշտպանութիւն Տաւուշի, Արցախի, ռազմագերիներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն:
Ցոյցին ընթացքին բարձրացուեցան Տաւուշի մէջ հողերու միակողմանի յանձնման եւրոպական կողմի աջակցութեան, եւրոպական առաքելութեան կուրութեան, Արցախը յանձնելուն մէջ՝ եւրոպացի առաջնորդներու օժանդակութեան, Եւրոպական կառոյցներու անգործութեան պատճառով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան գերի տարուելուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ ժողովրդավարութեան երկակի չափանիշներու հարցերը, որոնք փաստօրէն կ՛օժանդակեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բռնաճնշումներուն:
