Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 3 Մայիսին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՀԱՊԿը արդիւնաւէտ կառոյց կը մնայ նաեւ առանց Հայաստանի: Ըստ անոր` ՀԱՊԿէն դուրս ելլելու որոշումը Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է:
Զախարովա դիտել տուաւ, որ եթէ Հայաստան որոշէ հեռանալ ՀԱՊԿէն, ըստ կազմակերպութեան կանոնադրութեան, պէտք է պաշտօնական ծանուցում ներկայացնէ դուրս գալէն կէս տարի առաջ:
Զախարովա, ըստ «Թասս»ի, նաեւ անդրադարձաւ ռուս խորհրդարանականներու կողմէ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին ուղղուած նամակին՝ շեշտելով, որ անոր պատասխանին կը սպասեն։
Յիշեցնենք, որ Սպանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու նախագահներու համաժողովին ընթացքին, Ալեն Սիմոնեան Ռուսիան մեղադրեց Հայաստանի դէմ սպառնալիքներու եւ ապատեղեկատուութեան արշաւ կազմակերպելու յանցանքով։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ Ռուսիա ներխուժած է Ուքրանիա։
Անկէ ետք Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ ըսաւ, որ խորհուրդը այս հարցով նամակ պիտի ուղարկէ Հայաստանի Ազգային ժողովին` յստակացնելու համար օրէնսդիրներու դիրքորոշումը Ալեն Սիմոնեանի` Ռուսիոյ հասցէին ուղղած մեղադրանքներուն վերաբերեալ: Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ հայ խորհրդարանականները գնահատական մը կու տան այսպիսի ելոյթի մը:
Հայաստան 26 Ապրիլին հաստատեց, որ նամակը ստացած է։
«Գիտէք, ես չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ ուժերու մասին կը խօսի, յոյս ունիմ, որ անոնք, որոնք այդպիսի յայտարարութիւններ կատարած են, բաւական ուժ կ՛ունենան պատասխան տալու ռուս խորհրդարանականներու նամակին։ Հազիւ նամակին պատասխանը ստացած, մենք նախ եւ առաջ ուշադիր կ՛ուսումնասիրենք զայն եւ, եթէ պէտք ըլլայ, հրապարակաւ կը մեկնաբանենք», ըսաւ Զախարովա։