Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ, համակարգման կէտերու ճշդման աշխատանքներու ծիրին մէջ, 6 Մայիսի դրութեամբ տեղադրուեցան 40 սահմանային սիւներ։
Երկու երկիրներու փորձագիտական խումբերու աշխատանքները կը շարունակուին:
Տակաւին պաշտօնապէս չյայտարարուեցաւ, թէ քանի՞ քիլոմեթր տարածք սահմանազատուած է։
Այս գործընթացին արձագանգեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանը՝ դիտել տալով, որ Տաւուշի հատուածին մէջ յայտարարուած «սահմանազատումը» միջազգային պահանջներու, մարդոց ապահովութեան ու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է։
«Իրաւունքը յարմարեցւում, ծառայեցւում է քաղաքականութեանն ու քաղաքական շահերին: Սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերի յանձնաժողովի, դրա անդամների իրաւասութիւն որեւէ տեղ ամրագրուած չէ, յանձնաժողովի աշխատակարգը նախատեսում է միայն կազմակերպական-ընթացակարգային կանոններ:
«Տաւուշի հատուածում յայտարարուած «սահմանազատումը» միջազգային պահանջների, մարդկանց անվտանգութեան ու իրաւունքների կոպիտ խախտում է: Գործընթացը գաղտնի է եւ յատուկ դուրս է դրուած իրաւական վերահսկողութիւնից: Կառավարութիւնն ինքն է յայտարարում, որ սահմանազատման յանձնաժողովի կանոնակարգի նախագիծ անգամ առկայ չէ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց Թաթոյեան։