
Պաշտօնական այցելութեամբ Հուգարիա կ՛այցելէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որուն հետ հանդիպումէն ետք, Հունգարիոյ իր պաշտօնակից Փէօթր Սիյարթօ ըսաւ, որ մեծ պատիւ է 15 տարուան ընդմիջումէ ետք հիւրընկալել Հայաստանի իր պաշտօնակիցը։
«Եթէ մենք խաղաղ միջոցներ չգտնենք, աշխարհը շուտով կը մօտենայ Գ. Աշխարհամարտին: Ցաւօք, Կովկասի տարածաշրջանը վերջին տարիներուն ականատես եղաւ հակամարտութիւններու, որոնք տառապանք պատճառած են տարածաշրջանի բնակիչներուն: Մեր նպատակն է նպաստել խաղաղութեան եւ ասիկա կը վերաբերի նաեւ Հարաւային Կովկասին: Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած զգալի քայլերը խաղաղութեան ուղղութեամբ` տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար: Հունգարիան կը փափաքի նպաստել խաղաղութեան ջանքերուն», ըսաւ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը։
Ըստ անոր` երկար ընդմիջումէ ետք, Հայաստան եւ Հունգարիա համաձայնութեան եկած են վերսկսելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները, իսկ անցեալ տարի քայլերու ձեռնարկեցին տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ, որուն իբրեւ արդիւնք ստորագրուեցան տնտեսական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր եւ ծրագիր եւ կը ստեղծուի աշխատանքային խումբ մը: Արդէն արձանագրուած է առեւտրաշրջանառութեան աճ եւ հունգարական ընկերութիւններու աշխուժութիւնը կ՛աւելնայ Հայաստանի մէջ, իսկ Յուլիսին՝ մայրաքաղաքներուն միջեւ ուղիղ թռիչք պիտի սկսի:
Ան նաեւ նշեց, որ 180 միլիոն ֆորինթ (500,000 տոլար) փուլ առ փուլ կը տրամադրուի Հայաստանի մէջ նոր կեանք սկսող հայ ընտանիքներուն: Նաեւ, 1200 հայ երեխայ եւ ծնող կարելիութիւն պիտի ունենան իրենց արձակուրդը անցընել Հունգարիոյ մէջ, իսկ ուսանողներուն պիտի տրամադրուի կրթաթոշակ: Հունգարիոյ 4200 հոգինոց հայ համայնքին պիտի յատկացուի 2 միլիառ ֆորինթ` մշակոյթի ու ինքնութեան պահպանման համար, աւելցուց ան:
Անդրադառնալով վիզաներու ազատականացման` Սիյարթօ ըսաւ, թէ Եւրոպական Միութեան մէջ Հունգարիոյ նախագահութեան նախօրէին Պուտափեշտ պատրաստած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան օրակարգ եւ կը նախատեսուի երկխօսութեան սկսիլ վիզաներու դրութեան ազատականացման շուրջ եւ յոյսով է, որ գործընթացները յաջողութեամբ պիտի պսակուին:
Յիշեցնենք, թէ նոյն Հունգարիան էր, որ նախորդ շաբաթ խափանեց Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու նախագիծը, որուն շուրջ դաշինքին մէջ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր։ Հայաստան այս հիմնադրամէն օգնութիւն ստանալու դիմում ներկայացած էր նախորդ տարի։ Պուտափեշտ պահանջեց, որ ականազերծման համար Ատրպէյճան եւս օգնութիւն ստանայ: Սակայն, հարցը այն է, որ Պաքու այդ հարցով դիմում չէ ներկայացուցած Եւրոպական Միութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Միութիւնը կրնայ չընդառաջել. Առ այդ, գործընթացը վերջնականապէս փակուղի կրնայ մտնել։
Սա նաեւ միեւնոյն Հունգարիան է, որ Օգոստոս 2012ին Պաքուի յանձնեց մարդասպան ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովը, որ 2004ին կացինահարած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Սաֆարով դատապարտուած էր ցկեանս բանտարկութեան, սակայն Հունգարիոյ իշխանութիւնները զինք յանձնեցին Պաքուին, ուր ան անմիջապէս համաներում ու վարձատրութիւն ստացաւ եւ դարձաւ ազգային հերոս։