Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեան «Ռատար Արմինիա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան պիտի չմիանայ «ՀԱՊԿ 2024 թուականի պիւտճէին մասին» Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի` 23 Նոյեմբեր 2023ի որոշումին եւ պիտի չկատարէ անով նախատեսուած` կազմակերպութեան գործունէութեան համար գումարներ յատկացնելու պարտաւորութիւնը:
Բայց եւ այնպէս, ըստ Բադալեանի, Հայաստան դէմ չէ կազմակերպութեան 2024ի ամավարկը սահմանափակ ձեւաչափով հաստատելու ընտրանքին:
Ռուսական «Թասս» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ ՀԱՊԿի մէջ տեղեակ են դադրեցնելու Երեւանի նշեալ որոշումէն, սակայն կը հաստատեն, թէ Հայաստան կը մնայ կազմակերպութեան անդամ: