
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան «Ջաւախք» հիմնադրամի հանգանակային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մայիս 5ին, Կլենտէյլի Impressions սրահին մէջ:
Ջաւախքին նուիրուած հանգանակային ձեռնարկի հասոյթը պիտի նպաստէ Ախալցխա, Ախալքալաք եւ Նինոծմինտա քաղաքներուն մէջ գտնուող Ջաւախքի Երիտասարդական կեդրոններուն: ՀՕՄը երկար տարիներ շարունակ իր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերած է Ջաւախքին՝ հովանաւորելով երեք Երիտասարդական կեդրոններ, ուր աւելի քան 300 երիտասարդներ կը դաստիարակուին՝ ծանօթանալու համար հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ կը հետեւին մասնագիտական զանազան տարբեր դասընթացքներու:
Ճաշկերոյթին պաշտօնական հիւրերն էին՝ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ տէր Զաւէն Մարկոսեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան եւ անդամ Ժարմէն Միրզախանեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան, Կլենտէյլի Հայ Դատի ատենապետուհի Լիւսի Պետրոսեան Ալաւերդեան, Կլենտէյլի համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը՝ վարչական անդամներով, պետական ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ բարերարներ եւ համակիրներ, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ ՀՕՄուհիներ:



Շրջանային վարչութեան անունով ներկաներուն ողջունեց վարչութեան ներկայացուցիչ Սեդա Խոջայեան: Ան բարձր գնահատեց բոլոր հիւրերու ներկայութիւնը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի այս տարուան ձեռնարկին գլխաւոր հովանավոր Ռաֆիկ եւ Հէլլի Խաչատուրեաններուն, Բաղդասարեան ընտանիքին, Հայ Կրթական հիմնարկութեան եւ տարիներ շարունակ Ջաւախքի ի նպաստ ծրագիրներուն աջակցած ներկայ եւ կեանքէն հեռացած բարերարներուն:
Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ օրուան բոլոր նուիրատուներուն, ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումին եւ ՀՕՄի մասնաճիւղերու բոլոր ընկերուհիներուն:
Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան: Ան կարեւորեց «Ջաւախք» հիմնադրամի կատարած աշխատանքները, ՀՕՄի դերակատարութիւնը՝ Ջաւախքի ազգապահպանման եւ հայրենանպաստ ծրագիրներուն մէջ եւ վարչութեան կողմէ ներկայացուց ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորներուն յուշանուէրները:


Յընթացս արարողութեան, գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիրով հանդէս եկան երգիչներ Թերմինէ Պօղոսեան, Այդա Սարգիսեան եւ Դարեն Չիլինգիրեան:
Ջաւախքին եւ ջաւախքահայութեան պահպանման խնդիրը միշտ եղած է եւ կը մնայ ՀՕՄի հոգածութեան խնդրոյ առարկայ: ՀՕՄը բազմաթիւ ծրագիրներ կազմակերպած է՝ ի զօրակցութիւն ջաւախքահայութեան եւ հաւաքական ուժերով պիտի շարունակէ այդ ծրագիրները:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՕՄէն)