Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով Մայիս 9ին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օր մը առաջ ունեցած իրենց հանդիպումին ընթացքին համաձայնեցան Հայաստանի տարբեր մարզերէ Ռուսիոյ սահմանապահ ու զինուորական կէտերը հեռացնելու շուրջ:
«2020ի աշնան, հայկական կողմին խնդրանքով, մեր զինուորականները եւ սահմանապահները տեղակայուեցան հայաստանեան շարք մը մարզերու մէջ: Փաշինեան ըսաւ, որ այսօր, փոխուած պայմաններու բերումով, նման կարիք այլեւս չկայ, հետեւաբար նախագահ Փութին համաձայնեցաւ, եւ մեր զինուորականներուն, սահմանապահներուն դուրսբերումը համաձայնեցուեցաւ», ըսաւ Փեսքով՝ աւելցնելով, որ հայկական կողմի խնդրանքով ռուս սահմանապահները պիտի մնան Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմանին:
Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Ազգային ժողովի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան՝ դիտել տալով, որ, ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, 44օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք Տաւուշի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի, Արարատի մարզերուն մէջ տեղակայուած ռուս սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը պիտի դադրեցնեն իրենց տեղակայումը եւ դուրս պիտի գան այդ կէտերէն:
Ըստ անոր՝ բարձրագոյն մակարդակով հաստատուեցաւ նաեւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Ռուսիոյ սահմանապահներուն գործունէութիւնը դադրեցնելու որոշումը: