Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու երկօրեայ բանակցութիւններուն մասին՝ նշելով, որ կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել բանակցութիւնները այն հարցերուն շուրջ, ուր տակաւին կան տարակարծութիւններ։
Երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարութիւնները փակագիծերը չբացին անհամաձայնութիւններուն մասին։
Նշուեցաւ, որ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը ողջունեցին սահմանազատման հարցին մէջ յառաջընթացը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, շարունակեցին «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ» երկկողմանի համաձայնագիրի նախագիծին շուրջ քննարկումները:
Պաքու հանդիպման մասին նոյն բովանդակութեամբ հաղորդագրութեամբ հանդէս եկաւ:
13 Մայիսին, Միրզոյեան ըսաւ, թէ Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը կայացած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ, աւելցնելով. «Իմ գնահատականն ամբողջապէս արտացոլուած է կողմերի բանակցութիւնների արդիւնքում տարածուած համատեղ մամուլի հաղորդագրութեան մէջ: Գործընթացը շարունակւում է, շարունակւում է այն սկզբունքների հունով եւ սկզբունքներին համահունչ, որոնք մենք հանրահռչակել ենք բազմիցս»։