ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Եթէ մօտէն դիտելու ըլլանք զարգացող երկրի մը ընթացքը, անոր քաղաքներուն կեանքով եռուն առօրեան, մարդոց հեւքոտ ամէնօրեայ վազքը եւ յոյսերով լեցուն ապագայի մը կազմակերպումը, այդ պատկերին ետին անպայման պիտի տեսնենք երեք հիմնական գործօններ, որոնք կ՛ուրուագծեն այդ զարգացման ճանապարհային քարտէզը․ բնական աճի՝ ծնելութեան մակարդակը, մահացութեան մակարդակը եւ գաղթը: Այդ երեքը միասին, երկրին անտեսանելի ճարտարապետներն են, որոնք կը ձեւաւորեն անոր ճակատագիրը առաջնորդելով զայն դէպի զարգացում եւ բարգաւաճում կամ կործանում եւ անէացում:
Բնական աճը հասարակութեան կեանքի բաբախուն բազկերակն է, անոր վերարտադրման, աճի, դիմադրականութեան եւ արարելու գրաւականը: Մաօ Ցէ Թունկ, որ հեղինակն էր Չինաստանի 1945-1949էն երկարող քաղաքացիական պատերազմին, որուն ընթացքին միլիոնաւոր մարդիկ սպաննուեցան կամ զոհ գացին համաճարակներու, հիւանդութեանց եւ սովի, պատերազմին աւարտին ընդունեց, որ մարդը գերագոյն արժէք է: Այսօր Չինաստանը ժողովրդագրական լուրջ ճգնաժամի առջեւ կը գտնուի, ծերանալու եւ վերարտադրուելու անկարողութեան պատճառով: Անցեալ դարու «մէկ ընտանիք մէկ զաւակ» պարտադրուած քաղաքականութեան բացասական ազդեցութիւնը հիմա կը կրեն: Համեմատաբար քիչ երիտասարդ բնակչութեան ուսերուն է անհամեմատ մեծաթիւ թոշակառուներու բեռը: Անդին, Չինաստանի հարեւան Ռուսիոյ մէջ, ժողովրդագրական վիճակը երկրին բազմաթիւ դիմագրաւած հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկն է: Ըստ Paul Morland-ի The Human Tide գիրքին, 2010ի տուեալներով, ռուս-ուքրանական պատերազմէն առաջ, ամէն տաս ռուսական գիւղերէն մէկուն մէջ միայն ութ մարդ կ՛ապրէր։ Այսօր շատ հաւանաբար աւելի տխուր է այդ պատկերը, տակաւին շարունակուող պատերազմին պատճառած երկրէն արտագաղթին եւ տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքով: Դարձեալ, ըստ նոյն հեղինակին, Ճափոնի ոչ միայն գիւղերը, այլ նոյնիսկ քաղաքներու արուարձանները ներկայիս կ՛ամայանան․ հոն սովորական երեւոյթի վերածուած է իրենց տուներուն մէջ շաբաթներով մահացածներ գտնելու, գլխաւորաբար՝ միայնակ ծերունիներ: Պատերազմներու մէջ, աճող եւ երիտասարդ բնակչութեամբ երկրի մը դժուար է յաղթել, որքան ալ քիչ ըլլայ անոր բնակչութիւնը:
Աֆղանիստանի օրինակը ատոր վառ ապացոյցն էր, երբ գերակշիռ ռուսական բանակը չկրցաւ ծունկի բերել զայն, իսկ յետոյ նոյնիսկ ամերիկացիք տեղի տուին ու հեռացան հոնկէ: Միջին Արեւելքի մէջ, Իսրայէլի հիմնական մտահոգութիւնն է պաղեստինցիներու անարգել բնական աճի հեռանկարը։
Եւրոպական բոլոր երկիրները եւ Արեւմուտքը եւս կը դիմագրաւեն այս հարցը: Բոլոր այդ երկիրներուն մէջ բնակչութեան վերարտադրուելու պայման՝ ծնելութեան ամէն մէկ կնկայ 2.1 զաւակ ունենալու միջին շեմէն, նուազ ծնունդներ կ՛արձանագրուին, քսաներորդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ այսօր:
Մահացութեան մակարդակը աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ մօտաւորապէս նոյնն է, ինչ որ արդիւնք է բժշկութեան զարգացման եւ համաշխարհայնութեան (globalization):
Վերջինը՝ գաղթը, ըլլա՛յ աւելի լաւ կեանքի պայմաններու փնտռտուքի համար թէ պատերազմներէն փախուստի, միեւնոյնն է. անիկա հիւրընկալ երկիրներուն կը ներարկէ նոր աւիւն եւ ուժականութիւն (dynamism), որովհետեւ գաղթականը իր հետ կը բերէ նոր մշակոյթ, որ կը հարստացնէ եւ կը բազմականացնէ հիւրընկալ երկիրի մշակոյթը։ Գաղթականը նաեւ ինքզինք կը գերազանցէ, տալով իր առաւելագոյնը, յարմարելու համար իր նոր միջավայրին: Այդպէս է Արեւմուտքի բոլոր երկիրներու պարագան, ուր տնտեսական եւ գիտական ոլորտներուն մէջ մեծ աւանդ ունին գաղթականները եւ անոնց յաջորդական սերունդները: Այստեղ բնականաբար կա՛յ գաղթականներու թիւին որոշակի վերահսկողութեան պարտադրանք, որուն չգոյութեան պարագային կրնան ի յայտ գալ տեղացիներու եւ եկուորներու միջեւ խրամատ մը, որ կրնայ յառաջացնել ծայրայեղականութիւն, արմատականացում եւ օտարատեացութիւն: Այդպէս է, որ վերջին տասնամեակին Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջը տակաւ ուռճացող ժողովրդային յենարան կը գտնէ. Ֆրանսայի մէջ Ազգային ճակատի ղեկավար Marine Le Pen-ի բառերով՝ On est chez nous, որ կը թարգմանուի՝ Մենք մեր երկրին մէջ ենք:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դժբախտաբար այդ երեք գործօնները տխուր պատկեր մը կը ներկայացնեն: Բնական աճը երեք տասնամեակէ ի վեր բացասական է եւ 2021 ի տուեալներով վերարտադրման անհրաժեշտ 2.1 ի փոխարէն կը կազմէ միայն 1.58. շատ տխուր թիւ մը: Այս մէկը աւելի աղէտալի կը դառնայ, երբ նկատի առնենք մահացութեան բարձր տուեալները, որոնք հետեւանք են, առողջապահութեան նկատմամբ ազգաբնակչութեան անտարբեր վերաբերմունքին, աղքատութեան բարձր մակարդակին, երկարատեւ պատերազմական դրութեան պատճառով մարդկային կորուստներուն եւ վերջապէս նոյն պատերազմին եւ տնտեսական թուլութեան ստեղծած մարդկային արտահոսքին, որուն մէջ կարեւոր բաժին ունին երիտասարդ տղամարդկանց զանգուածները, որ ինքնին կը խախտէ արական եւ իգական սեռի միջեւ հաւասարակշռութեան բացը, որ բնականաբար պիտի ունենայ իր բացասական ազդեցութիւնը նոր ընտանիքներու հետագայ կազմաւորման վրայ:
Ժողովրդագրական այս տխուր պատկերը բարեփոխելու համար, անհրաժեշտ է սառը դատողութիւն եւ գործնապաշտութիւն (pragmatism)։ Ի վերջոյ, մեզի խիստ պէտք է խաղաղութեան ժամանակաշրջան եւ ամէնօրեայ աշխատանք, մեր պետութիւնը հզօրացնելու համար: Սակայն ինչպէ՞ս հզօրացնել պետութիւնը եւ տնտեսութիւնը, այսքան փոքրաթիւ բնակչութեամբ եւ աշխատուժի սահմանափակ ներուժով: Չէ՞ որ մարդկային աշխատող ձեռքերու պէտք ունինք տնտեսութեան տարբեր բնագաւառները զարգացնելու համար, որոնք աւաղ չկան այլեւս:
Վերը յիշեցինք գործնապաշտութեան ազդակը: Իսկ ինչո՞ւ չմտածենք, մեր կարգին, ներգրաւել օտար գաղթականներու ներհոսքը, ինչպէս իրագործուած է Արեւմուտքի բոլոր երկիրներուն կողմէ: Եկէք ընդունինք, որ հայ ազգը դարերու ընթացքին վստահաբար իր մէջ ձուլած է այլ ազգեր՝ ինչպէս, ըստ Խորենացիի, նոյնիսկ չինացիներ, հրեաներ, եւայլն։ Վստահաբար մեր աշխարհ թափանցած շատ ազգերու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին վրացիներ, քիւրտեր, ռուսեր եւ յոյներ մինչեւ այսօր ալ կարելի է տեսնել մեր հանրապետութեան մէջ, որոնք արդէն հայացած են: Ի՞նչ վնաս կայ, եթէ օրինակ մեր բնակչութեան համեմատ մինչեւ տաս առ հարիւրի չափով օտարներ հրաւիրենք: Օտարներ, որոնց երկիրներուն աշխատավարձերուն համեմատ Հայաստանի վճարունակութիւնը աւելի բարձր է, ինչպէս հնդիկներ, պարսիկներ, Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներ, ասորիներ, իսկ ապագային, տնտեսութեան բարգաւաճման զուգահեռ նաեւ՝ ռուսեր, վրացիներ եւայլն. ընդհանուրը, մօտաւորապէս 300,000 հոգի:
Այս քաղաքականութիւնը վստահաբար պիտի աշխուժացնէ մեր տնտեսութիւնը, քաջալերէ մրցակցութիւնը, նորարարութիւնը եւ երիտասարդացնէ մեր ցեղը, իսկ տնտեսութեան բարգաւաճումը ամէնէն կարեւոր գրաւականն է մեր երիտասարդութեան հայրենիքի մէջ մնալու եւ աւելին՝ սփիւռքահայութեան ներհոսքին: Մենք մարդոց պէտք ունինք, իսկ մարդը, ինչպէս Մաօ Ցէ Թունկ կ՛ըսէ, գերագոյն արժէք է: