
12 Մայիսի երեկոյեան ժամը 6:30ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին բազմամարդ հանրահաւաքը: Հրապարակի բեմին վրայ կանգնած էին զոհուած զինուորներու ծնողներ: Հանրահաւաքը սկսաւ պետական քայլերգով եւ աղօթքով:
Խօսք առաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան, որ ըսաւ, թէ ծաւալածը մաքուր, հայկական, ազգային, սրտով, հոգիով, էութեամբ շարժում է, որ կը սպասարկէ մեր ազգային ու պետական շահերուն: «Ու գիտէ՞ք, թէ ինչո՛ւ բոլորը խառնուած են իրար, որովհետեւ սա միաւորած է տարբեր մարդիկ, քաղաքական հոսանքներ մէկ նպատակի շուրջ` հայրենիք ունենալու նպատակին շուրջ, պատիւ ունենալու նպատակին շուրջ»:
«Այսօր մեր առջեւ խնդիր դրուած է` ըլլալ Արեւմտեան Ատրպէյճա՞ն, թէ՞ Հայաստան: Մենք կ՛ընտրենք Հայաստանը: Մենք կ՛ընտրենք արժանապատիւ խաղաղութիւնը, մենք կ՛ընտրենք հայեցի ըլլալը, մեր հող ու ջուրին տէր ըլլալը», շեշտեց ան:
Վերջին հանրահաւաքին, Բագրատ արք. Գալստանեան խնդրած էր շարք մը նախկին դիւանագէտներէ ներկայացնել Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու հայեցակարգ: Արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեան ներկայացուց մշակուած փաստաթուղթը` նախ նշելով, որ Ալմա Աթայի հռչակագիրը սահմանազատման հիմք ընդունիլը հակաիրաւական է:
Մելիքեան յայտարարեց, որ պէտք է բացառել հայկական զինուած ուժերու որեւէ նահանջ կամ դիրքային փոփոխութիւն մինչեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի ամբողջական սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի աւարտը: Ան շեշտեց, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է միջպետական համաձայնութիւն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ` վաւերացուած խորհրդարաններուն կողմէ:
«Եթէ այդ գործընթացի արդիւնքում կը ստեղծուի այնպիսի իրավիճակ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ տարածք կարող է անցնել Ադրբեջանին, ապա հարցը պէտք է դրուի հանրաքուէի», յայտարարեց Մելիքեան:


«Մենք հնարաւորինս արագ պէտք է վերականգնենք մեր յարաբերութիւնները մեր ռազմավարական դաշնակիցների, ինչպէս նաեւ խորացնենք մեր գործընկերութիւնն ու համագործակցութիւնը ուժային այլ կենտրոնների հետ: Համազգային ճգնաժամը յաղթահարելու համար կենսական անհրաժեշտութիւն է համահայկականութիւնը` նոր բանաձեւով, որին հասնելու միակ ճանապարհը պէտք է դիտարկել համահայկական ներուժի համախմբումը, ներհանրային հաշտեցումը եւ համերաշխութիւնը: Այս հարցում անժխտելի է Հայ Առաքելական սուրբ եկեղեցու, համահայկական կառոյցների եւ Արցախի Հանրապետութեան օրինական իշխանութիւնների անփոխարինելի առաջնորդութիւնն ու դերակատարութիւնը», շեշտեց ան:
Խօսք առաւ նաեւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան, որ շուտափոյթ վերադարձ մաղթեց Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս ռազմագերիներուն: «Մեր ամօթն է անոնց այնտեղ գտնուելը», ըսաւ ան։
Ան շեշտեց, որ պայքարի ձեռնարկած են, որովհետեւ այսօր ազգովին կ՛ապրինք գողցուած ուրախութեան եւ անպատուութեան ժամանակներ, երբ կորսուած է մեր հայրենիքի չքնաղ, խտացուած ազատութեամբ լեցուն հատուածը, իր եւ բոլորիս սիրելի Արցախ աշխարհը:
Սրբազանը յայտարարեց, որ վարչապետ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ: Ան Փաշինեանը մեղադրեց ստախօսութեան, կեղծ թէզեր կիրարկելու, հայ եկեղեցւոյ դէմ հալածանք հրահրելու, ատելութեան մշակոյթ տարածելու, պատերազմի սպառնալիք բերելու եւ բանակը ստորացնելու յանցանքներով:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ վարչապետին նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու համար անհրաժեշտ քուէները ապահովելու նպատակով, հանդիպում ունեցած է «Պատիւ ունեմ» խմբակցութենէն 2021ին դուրս եկած անկախ պատգամաւոր Իշխան Զաքարեանի հետ: Վերջինս, ըստ սրբազանի, «որոշակի մտածումներով չի մերժել» միանալ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթացին:
«Ես ենթադրում եմ, որ առաջին անգամ կարող ենք ասել, որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները յաղթահարել են առաջին փուլը: Մնացել է կարեւոր երկու հարցերի լուծումը` վարչապետի թեկնածուի եւ պակասող 18 պատգամաւորների աջակցութեան հարցը: Առաջիկայ օրերին մենք պէտք է լուծենք նաեւ այս հարցը», ըսաւ Տաւուշի թեմի առաջնորդը:


Խօսելով իրենց միւս պահանջին մասին` Բագրատ արք. Գալստանեան ըսաւ, որ այս շարժումը դէմ չէ սահմանագծման եւ սահմանազատման, սակայն կը գտնէ, որ անիկա պէտք է սկսի խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումով, ըստ Հայաստանի օրէնքներու, միջազգային պայմանագիրներու, երաշխաւորներու ներգրաւումով եւ համապարփակ, ամբողջական մէկ ծրարով: «Այս գործընթացը պէտք է դադրեցուի», ըսաւ սրբազանը:
Ան նշեց, որ վարչապետի իրենց թեկնածուն չի կրնար ըլլալ որեւէ կուսակցութեան կամ խումբի անդամ: Ան ըսաւ, որ ինք պատրաստ է որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու:
Աւարտին ան շեշտեց. «Ոսկեպարով վերադառնալու ենք Արցախ․ առանց Արցախ ես խեղդւում եմ, եւ վստահ եմ, որ իւրաքանչիւրդ էլ այդպէս էք զգում»։
Ան յայտարարեց, որ հանրահաւաքները պիտի դադրեցուին, իսկ յաջորդող օրերուն պիտի կատարուին դասադուլներ, գործադուլներ, անհնազանդութեան շարժումներ՝ փորձելով անդամալուծել ամբողջ քաղաքը եւ Հայաստանի միւս մարզերը` անհամաձայնութիւն յայտնելով սուտին ու չարիքին:
13 Մայիսին առաւօտէն ցուցարարները մօտ երեք տասնեակ փողոց փակեցին Երեւանի մէջ: Փակուեցան նաեւ Երեւանէն դէպի Սեւան, Արարատ ու Ապարան մայրուղիները, Հայաստան-Վրաստան, Հայաստան-Իրան միջպետական ուղիները: Ուշագրաւ էր այն, որ ոստիկանութիւնը անհարկի տարողութեամբ մեծ բռնութիւն գործադրելով կը հեռացնէր ցուցարարները կամ բերման կ՛ենթարկէր զանոնք՝ անկախ անոր տարիքէն ու սեռէն։
Օրուան ընթացքին Բագրատ սրբազան այցելեց տարբեր կառոյցներ՝ Գրողներու միութիւն, Նկարիչներու տուն, Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի գլխաւոր շէնք, ուր սկիզբը դռները փակուեցան, իսկ աւելի ուշ բացուեցան եւ սրբազանը տեսակցեցաւ փոխտնօրէնին հետ։ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին մէջ ան դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով, հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան սրբազանին ընկերակցեցաւ նիստերու դահլիճ, ուր հաստատեց. «Առանց մեր պատմական հայրենիքի` 400 հազար քառակուսի կիլոմետրի, որեւէ պատմաբան չի պատկերացնում իր մասնագիտական ունակութիւնների դրսեւորումները։ Քաղաքական որեւէ նկրտում չունենք: Ողջունում ենք ձեզ: Վերացրէք այդ ատելի մթնոլորտը, որ հասարակութեան մէջ կայ: Ինչքան մենք թշնամանում ենք, այնքան մեր թշնամին է թելադրում, թէ մենք ինչ անենք: Հիմա եթէ ժողովուրդը դուրս է եկել փողոց, դժգոհում է, բողոքում է, ուրեմն խնդիր կայ», յայտարարեց Մելքոնեան։
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման համակիրները երեկոյեան համախմբուեցան Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ, ուր ամփոփուեցաւ օրը եւ ներկայացուեցան յառաջիկայ օրուան կատարելիքները։
Գառնիկ Դանիէլեան ըսաւ. «171 քաղաքացի է բերման ենթարկուել այսօր հանրապետութեան տարբեր բնակավայրերում խաղաղ անհնազանդութեան նախաձեռնութիւնների իրականացման ժամանակ․ բռնաճնշումները ոչ մէկի վրայ չի ազդում, ինչքան բռնաճնշումներն աւելացնեն, էդքան մարդկանց թիւն աւելանալու է»։
Ձերբակալուածներու եւ բռնութեան ենթարկուածներու կարգին եղան նաեւ լրագրողներ եւ նկարիչներ։
Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն այս գծով հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշեց. «Շարժումի սկզբից ի վեր արձանագրուել է զանգուածային լրատուամիջոցների ներկայացուցիչների նկատմամբ յարձակումների եւ բռնութիւնների 8 դէպք, ընդ որում դրանցից 5ը` իրենց լիազօրութիւնները չարաշահած իրաւապահների կողմից»։
Մամուլի պաշտպանութեան տարբեր կազմակերպութիւններ դատապարտեցին կատարուածը։
Ցուցարարներուն կողմէ ի գործ դրուած բռնութեան արձագանգեց նաեւ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանը, որ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց. «Այսօրուայ արարքները քաղաքացիների նկատմամբ ակնյայտ պատժիչ բնոյթ ունէին, եւ դրանց մեծագոյն մասը կապ չունէր իրաւական կանոնների հետ: Ինչպէ՞ս կարելի է հաշուի չառնել, որ երեխաների աչքի առաջ նրանց ընտանիքի անդամների կամ մտերիմների (ենթադրեալ վարչական իրաւախախտման համար) ձերբակալումով երեխաները փողոցում մնալու են միայնակ, էլ չեմ խօսում զգացումների մասին: Անթոյլատրելի է լրագրողի մասնագիտական աշխատանքը խոչընդոտելը: Անընդունելի է դիմադրութիւն չցուցաբերող անձի նկատմամբ ուժի (այն էլ անհամաչափ) կիրառումը: Սրանք անթոյլատրելի, դատապարտելի արարքներ են, որ չունեն իրաւական հիմնաւորումներ»:
Բագրատ սրբազան դիտել տուաւ. «Այս շարժումն, այս երթն օրակարգ ունի եւ այդ օրակարգով է շարժուելու, չի շեղուելու այդ օրակարգից: Այս շարժումն անկում էլ ապրի, ժողովուրդն արթնացել է։ Ճնշումը պէտք է աւելանայ եւ մեծանայ, հարաւից-հիւսիս` Հայաստանի ողջ տարածքով մէկ պէտք է իրականացուեն անհնազանդութեան խաղաղ, հաշտական եւ սիրով գործողութիւններ։ Տիրոջ կամօք ճշմարտութիւնը յաղթելու է․ ինչ ճանապարհով ուզում է լինի` յաղթելու ենք»:
Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ 14 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10ին պիտի ուղղուի Երեւանի Պետական համալսարան՝ ուսանողները ողջունելու, այնուհետեւ պիտի այցելէ Լրագրողներու միութիւն` վերստին լրագրողներուն գնահատանք յայտնելու, ապա՝ Մեթրօ։