ԵԱՀԿ նախագահ եւ Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Եան Պորկ 13 Մայիսին Հայաստանի մէջ քննարկեց Հայաստանի եւ ԵԱՀԿի միջեւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր եւ կարծիքներ փոխանակեց` Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:
Պորկ, իր կարգին, ընդգծեց ԵԱՀԿ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման աջակցելու եւ խթանելու առումով կազմակերպութեան յանձնառութիւնը:
ԵԱՀԿ նախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հետ, որուն հետ տուաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:
«Կ՛աջակցինք Հայաստանին ու Ատրպէյճանին, որպէսզի կարողանանք համապարփակ ու կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնիլ», ըսաւ ան՝ շեշտելով. «Մենք տեղեակ ենք, որ երկու երկիրներն ալ կը նախընտրեն երկկողմանի հարթութեամբ հարցերը լուծել, մենք կ՛աջակցինք անոր»:
Պորկ յայտնեց, որ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը միակ ուղին են հարցերը լուծելու: «Սահմանազատման ուղղութեամբ կատարուած յառաջխաղացքները արժէքաւոր են այդ ճանապարհին: Վաղը Պաքուի մէջ ես կը փոխանցեմ այս ուղերձները իմ ատրպէյճանցի զրուցակիցներուս եւ կոչ կ՛ուղղեմ՝ վստահելի եւ կայուն յանձնառութիւն ունենալու բանակցութիւններուն ընթացքին», ըսաւ ան։
Ըստ անոր՝ տասնամեակներ տեւած հակամարտութենէն եւ տառապանքէն ետք խիստ հրամայական է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները հասնին խաղաղութեան եւ բարգաւաճման, որուն իսկապէս արժանի են: «Իբրեւ ԵԱՀԿ` մենք պատրաստ ենք աւելի ներգրաւուած ըլլալ տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման վերաբերող ջանքերուն մէջ, մասնաւորաբար՝ տեղահանուածներու եւ հակամարտութիւններէ տուժած շրջաններուն մէջ ապրող անձերու ճգնաժամային իրավիճակի լուծման: Միեւնոյն ժամանակ, կը շարունակենք աջակցիլ ազգային եւ միջազգային բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք դրական թափ կը ստեղծեն եւ շօշափելի արդիւնքներ կու տան հակամարտութիւնը յաղթահարելու համար», մանրամասնեց Պորկ: