Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տիւ Վալը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ շրջանին ապագային վերաբերող ու Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:
Միքաթի յայտնեց, որ Պրիւքսէլի խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան պիտի նախագահէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ:
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ խստիւ դատապարտեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով կառավարութեան դէմ ուղղուած մեղադրական արշաւները` հաստատելով, որ այս ուղեգիծը յստակ է եւ անիկա ժողովրդահաճոյ նպատակներով՝ ճշմարտութիւնը ծածկելու կը ջանայ: Միքաթի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ եւ հանգիստ խղճով ու պատասխանատուութեամբ յառաջ պիտի երթայ: