
Դանիոյ մայրաքաղաքին մէջ, «Քոփենհակընի ժողովրդավարութեան գագաթնաժողով»ին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները յոյս ունին, որ Երեւան աջակցութիւն կը ստանայ Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն։
Վերջերս «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրներէն յայտնի դարձաւ, որ Հունգարիա կ՛արգելափակէ Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու նախագիծը, որուն շուրջ դաշինքին մէջ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է: Հունգարիա կը պահանջէ, որ Ատրպէյճան եւս ներառուի ծրագիրին մէջ։
Փաշինեան ըսաւ, որ Երեւանի քաղաքականութիւնն է բոլոր ոլորտներուն մէջ արտաքին յարաբերութիւններու բազմազանութիւն։ «Հիմա մենք անվտանգութեան դաշտում գործակցում են Հնդկաստանի, Ֆրանսիայի եւ միւս երկրների հետ: Եւ հիմա մենք նմանատիպ գործակցութիւն ունենք Եւրամիութեան հետ», նշեց ան։
Վարչապետը յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը: «Ի հարկէ, դա քաղաքացիական առաքելութիւն է, բայց միւս կողմից էլ` այն նոր գործօն է մեր տարածաշրջանի անվտանգութեան համար: Առաջին անգամն է, որ ԵՄն ինչ-որ կերպ ներգրաւուում է Հայաստանի անվտանգութեան օրակարգում», ընդգծեց վարչապետը:
Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ ՀԱՊԿէն դուրս գալու հարցին եւ յայտարարեց, որ ռազմական կառոյցէն Երեւանի դուրս ելլելը հետագայ քննարկումներու նիւթ է:
Մինչ այս քննարկումը, վարչապետը՝ անդրադառնալով Հայաստանի ժողովրդավարութեան, յայտարարեց, թէ Հայաստանը մեծ քայլ առած է այս առումով, նշելով. «Ձեռքբերում, որը շատ լաւ արտացոլուած է տարբեր հեղինակաւոր ժողովրդավարական ցուցիչներում: Այժմ մենք 43րդն ենք «Լրագրողներ առանց սահմանների» կազմակերպութեան խօսքի ազատութեան ցուցակում` մինչդեռ 2017ին մենք զբաղեցնում էինք 79րդ տեղը: 2017 թուականին Freedom House-ի կողմից դասակարգուելով որպէս մասամբ ազատ համացանց ունեցող, այժմ մենք վայելում ենք ազատ համացանց ունեցող երկրի կարգավիճակը», ըսաւ Փաշինեան:
«Ազատութիւն»ը կը գրէ, որ, հակառակ վարչապետին հաստատումներուն, վերջին շրջանին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Amnesty International-ը եւ Freedom House-ը զեկոյցներ հրապարակեցին` նահանջ արձանագրելով Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու ոլորտին մէջ` ոստիկանական բռնութիւններէն, կամայական ձերբակալութիւններէն սկսեալ, մինչեւ դատական համակարգի անկախութիւն ու իշխող ուժի դրամահաւաքի թափանցիկութեան բացակայութիւն: