
ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ
Հայերը, շուրջ 1700 տարուան անցեալով, Երուսաղէմի հնագոյն համայնքներէն մէկն են։ Այս համայնքը կը նկատուի նաեւ հայոց հնագոյն սփիւռքը։ Երուսաղէմի հայապատկան տարածքի 25 տոկոսը, առանց Պատրիաքական ընդհանուր խորհուրդի որոշման, 99 տարուան ժամկէտով վարձակալուած է հրեաներու «Խանա Քափիլթալ» ընկերութեան։ Այս վարձակալութեամբ Հայոց թաղը կը մատնուի մեկուսացումի մը, զրկուելով այլ քրիստոնէաբնակ թաղերու հետ յարաբերութենէ։
Ընթացքը կը սպառնայ նաեւ տարածաշրջանի պատմամշակութային ամբողջութեան։ Պատրիարքարանը եւ թաղեցիները իրենց համար կենսական նշանակութիւն ունեցող տարածքի վերատիրանալու համար դիմած են իրաւական պայքարի։ Այդ դիմումէն ետք յաճախակի դարձած է հայոց դէմ ատելութեան քարոզարշաւը եւ յարձակումները։ Այդ զարգացումներու հետեւանքով, Երուսաղէմի մօտ 20,000 շունչ կազմած հայ համայնքը նուազելով հասած է 2000ի։ Այս պայմաններու տակ կազմուած է Save the Armenian Quarter շարժումը, որու հիմնադիրներէն Սեդրակ Պալեան պատասխանեց մեր հարցումներուն․
ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ.- Save the Armenian Quarter-ի հիմնադիրներէն էք։ Կրնա՞նք ճանչնալ ձեզ։
ՍԵԴՐԱԿ ՊԱԼԵԱՆ.- Ես, Սեդրակ Պալեան, երուսաղէմաբնակ, յախճապակեայ արտադրութիւններով յայտնի Պալեան ընտանիքի չորրորդ սերունդը կը ներկայացնեմ։ Մեր ընտանիքը ծագումով կուտինացի է։ Մերոնք անգլիացիներու կողմէ փոխադրուած են Քուպպեթիւս Սահրա, իրենց համար աշխատանքի պայմանաւ։ 1915ի Ցեղասպանութենէ ետք կարելի չէ եղած Կուտինա վերադառնալ եւ կեանքը շարունակած ենք այստեղ։
ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ.- Հայոց թաղամասը պաշտպանելու շարժումը կրնա՞ք ծանօթացնել։
ՍԵԴՐԱԿ ՊԱԼԵԱՆ.- Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ մեր թաղամասէն ներս միջամտութիւններու դէմ, կարիքը զգացինք դիմադրական յատուկ կազմակերպութեան մը։ Այս շարժումով կ՛ուզենք Երուսաղէմի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պահել։ Իրականութեան մէջ, մենք Իսրայէլի պետութեան ճնշումներուն ենթարկուած ենք 1967էն այս կողմ։ Յատկապէս 2020էն վերջ այդ ճնշումները ալ աւելի սաստկացան։ Նոյնիսկ ամենափոքր շինութեան համար անգամ, մեզմէ հող կը պահանջեն։ Ամէն ինչի համար չեմ կրնար Իսրայէլը մեղադրել, բայց շինարարական ասպարէզը բոլորովին իրենց հսկողութեան ներքեւ է եւ սեփական ընկերութիւնները անգամ ճնշումներ կը կիրարկեն մեզի դէմ։
Գիտենք որ իրենց հիմնական նպատակը ամբողջովին հրեաներէ բաղկացող Երուսաղէմի մը գոյացումն է։ Մեր գոյութիւնը իրենց այդ նպատակին համար խոչնդոտ մը կը տեսնեն։ Կ՛ուզեն մեր տարածքը մեկուսացնել, այլ քրիստոնեայ համայնքներէ։
ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ.- Կը տեսնեմ, որ դրամահաւաքի արշաւի մը ձեռնարկած էք։ Ինչո՞ւ համար։
ՍԵԴՐԱԿ ՊԱԼԵԱՆ.- Տեղացի փաստաբաններու աջակցութեան կարիք ունինք։ Միջազգային գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու մէջ ունինք կամաւոր հայ փաստաբաններ։ Գառնիկ Քերքորեան, Անի Նազարեան, Կարօ Ղազարեան, Էլիզապեթ Տայանի եւ Արման Թաթոյեան սիրով ստանձնած են մեր դատի պաշտպանութիւնը։ Սակայն Իսրայէլի ատեաններու մօտ եւս փաստաբաններու կարիք ունինք։ Սա պահուն, երկու դատավարութիւններ ընթացքի մէջ են։ Անոնցմէ մէկը՝ առանց Ընդհանուր ժողովի որոշման պատրիարքարանի կնքած պայմանագիրը չեղարկելու մասին է։
ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ.- Այս դատական ընթացքի մէջ թաղեցիները դժուարութիւններ կ՛ապրին։
ՍԵԴՐԱԿ ՊԱԼԵԱՆ.- Այո, զանազան յարձակումներ եղան եւ Իսրայէլի ոստիկանութիւնն ալ հրեայ ընկերութեան ի նպաստ կողմնակցութիւն ըրաւ։ Թաղեցիներէն բերման ենթարկուողներ եղան, իսկ յարձակողները անպատիժ մնացին։ Տեղւոյն վրայ փաստերը քօղարկելու ջանքեր կը նկատենք։ Երուսաղէմի պատրիարքարանը այդ ջանքերուն համար ոստիկանութեան դիմեց, բայց այդ դիմումները անպատասխան մնացին։
ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ.- -Ինչե՞ր կը պատմէք Երուսաղէմի հայ անցեալի մասին։
ՍԵԴՐԱԿ ՊԱԼԵԱՆ.- Հայոց պատրիարքարանը քաղաքին մէջ իր գոյութիւնը մինչեւ օրս շարունակող միակ կրօնական կեդրոնն է։ Անիկա հիմնուած է 648ին։ Իսկ Երուսաղէմի մէջ հայոց գոյութիւնը կը սկսի Դ. դարէն։ Նոյնիսկ կը պնդուի, թէ Երուսաղէմի աթոռին առաջին գահակալը՝ Աբրահամ, արենակցական կապ ունեցած է Մուհամմատ մարգարէին հետ։ Երուսաղէմի Յունաց եւ Լատինաց պատրիարքարանները փոխադրուած են անցեալին։ Հայերս Երուսաղէմի պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցող ներդրումներու հեղինակ ենք։ Առաջին տպարանը, լուսանկարչական առաջին «սթիւտիօ»ն հայոց կը պատկանէին։ Նոյնպէս յախճապակիի արուեստին եւ ճարտարապետութեան զարգացման մէջ ալ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած ենք։ Հայերը Երուսաղէմի անբաժան մէկ մասնիկն են, բայց ափսոս, որ այսօր հետզհետէ անտեսանելի, աննկատելի կը դառնան։
Այստեղ այլ ազգութիւններուն հետ համերաշխ ու եղբայրական յարաբերութիւն ունեցած ենք։ Բոլորը կը վկայեն, թէ Երուսաղէմի ամենախաղաղ հատուածը Հայոց թաղամասն է։ Մենք, ի գին բոլոր դժուարութիւններու, կը փորձենք այդ համերաշխութիւնը յարատեւ պահել, բայց Իսրայէլի հետապնդած նպատակներէն մէկն ալ իսլամներուն, քրիստոնէից եւ հրէից համերաշխութեան խափանումն է։
«ԱԿՕՍ»