ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի մնայուն անդամներէն մէկուն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանին չեն արտօնած հանդիպում ունենալ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուած ԵԱՀԿի նախագահ եւ Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Եան Պորկի հետ, մինչ վեհաժողովին իշխանամէտ երկու պատգամաւորները հանդիպած են անոր։
Այս տեղեկութիւնը Երեքշաբթի օր բացայայտեց նոյնինքն Գալստեան, խստօրէն դատապարտելով իշխանութեան այս քայլը։