
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանագծման բանակցութիւնները, որոնք սկսած էին Տաւուշի շրջանէն, յանգեցան այն փաստին, որ ըստ Ալմա Աթայի յայտարարութեան, Հայաստան պէտք է Ատրպէյճանին վերադարձնէ այն տարածքները, որոնք 1988էն ի վեր կը գտնուէին հայկական տիրապետութեան տակ։
Իշխող վարչախումբին համաձայն, Հայաստան այս քայլով կը նուազեցնէ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուելիք պատերազմի մը հաւանականութիւնը․ մնացեալ շրջաններու սահմանագծումը եւ սահմանազատումը պիտի շարունակուի նոյն սկզբունքով։ Նոյն իշխող վարչախումբը նաեւ կը խոստովանի, թէ ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ Ատրպէյճան հեռանայ իր գրաւած տարածքներէն։ Յիշեցնենք որ 2021ին եւ 2022ին, Ատրպէյճան ներխուժած էր Հայաստան եւ գրաւած շուրջ 160 քառ․ քլմ.։
Միակողմանիօրէն հողեր զիջելու Հայաստանի իշխանութիւններուն այս քաղաքականութիւնը յառաջացուց ժողովրդային դժգոհութեան ալիք, որ ժամանակի ընթացքին մեծնալով՝ վերածուեցաւ շարժումի։ Տաւուշի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի առաջնորդած այս շարժումը Մայիս 4ին ճամբայ ելաւ Տաւուշի Կիրանց գիւղէն եւ քալելով Երեւան հասաւ Մայիս 9ին, կազմակերպելով ժողովրդային մեծ հանրահաւաք, որուն պահանջը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն էր։
Նիկոլ Փաշինեան վերջին ամիսներուն գրգռիչ յայտարարութիւններ կատարեց, որոնք արդարօրէն մեծ ընդվզում յառաջացուցին հայ հասարակութեան մէջ։ Յիշենք անոնցմէ քանի մը հատը, որոնք հայ ժողովուրդի դարաւոր երազանքներուն, իղձերուն, մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն հետ անմիջական աղերս ունին․
– Հայրենիքի եւ պետութեան տարանջատում,
– Մեր լեռը Արագածն է,
– Հայոց պատմութիւնը փոխարինել Հայաստանի պատմութիւն անուանումով,
– Իրական եւ պատմական Հայաստան եւայլն։
Այս յայտարարութիւնը մտահոգիչ են եւ երբեք համերաշխ չեն հայ մարդու հոգեմտաւոր աշխարհին հետ։ Իսկ մեծագոյն գայթակղութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը փոխարինեց Մեծ Եղեռնով, որ կը գործածուէր 60 եւ աւելի տարիներ առաջ։
Այսօրինակ յայտարարութիւնները ժողովրդային մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցին։ Իսկ վերջերս, Տաւուշի շրջանին մէջ կատարուած սահմանազատումն ու սահմանագծումը, որով 2.5 գիւղեր կը վերադարձուին Ատրպէյճանին, բողոքի մեծ ալիք պատճառեց։
Ժողովրդային բողոքի նոր ալիքը, իր հերթին, մեծ հարցականներ ստեղծեց Հայաստանի քաղաքական դաշտին վրայ։
Առաջին խնդրայարոյց կէտը՝ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու մասնակցութիւնն ու առաջնորդութիւնն է։ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին 100է աւելի քաղաքական կուսակցութիւններ։ Հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցական մը կ՛առաջնորդէ շարժումը, որ զուտ քաղաքական բնոյթ ունի։ Արդ, հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ։ Արդեօ՞ք կուսակցութիւնները քաղաքական յստակ ուղեգիծ չունին։ Արդեօ՞ք անոնք այնքան հեղինակազրկուած են, որ ժողովուրդին վստահութիւնը չեն վայլեր։ Արդեօ՞ք ղեկավարի յատկանիշներ ունեցող գործիչներ չկան այդ կուսակցութիւններուն մէջ։ Այս բոլոր հարցադրումները հետեւանք են քաղաքական այն ամլութեան, որ կը շարունակէ տիրել Հայաստանի մէջ 1991էն ի վեր։
Դժբախտաբար, իրարայաջորդ իշխանութիւնները ամէն ջանք գործադրեցին որպէսզի Հայաստանի մէջ չձեւաւորուի քաղաքական առողջ իրավիճակ։ Ասոր լաւագոյն ապացոյցը թիւն է գոյութիւն ունեցող կուսակցութիւններուն, որոնք գաղափարական-քաղաքական նոյն ուղղութեան վրայ կրնան գտնուիլ, սակայն հանդէս կու գան առանձին-առանձին։ Այլ խօսքով, Հայաստանի կուսակցութիւնները անհատական կուսակցութիւններ են, որոնք հիմնուած են քաղաքական դէմքի մը անհատական փառասիրութիւններուն եւ կողմնորոշումներուն վրայ։
Ժամանակի ընթացքին, այս մէկը յանգեցուց կուսակցութիւններու վարկաբեկումին․ առանց այդ ալ արդէն, անոնք այդքան հեղինակութիւն չունէին։ Այլապէս ինչով եւ ինչպէս բացատրել 2018ի յեղափոխութիւնը՝ որ ներկայ վարչապետ Փաշինեանի անհատական յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Ներկայ իշխանութիւնները եւս շարունակեցին իրենց նախորդներուն քաղաքականութիւնը եւ թոյլ չտուին որ Հայաստանի մէջ քաղաքական դաշտը կայանայ։
Այստեղ դերակատար են նաեւ լրագրողներն ու մամուլը, որոնք չգտնուեցան իրենց բարձունքին վրայ։ Իսկ մտաւորականութիւնը առհասարակ բացակայ է հայկական իրականութեան մէջ։
Շարժումը, եկեղեցականի մը կողմէ առաջնորդուելով հանդերձ, անմիջապէս իր շուրջ հաւաքեց քաղաքական այն ուժերը, որոնք հեղինակազրկուած են եւ հասարակութեան կողմէ կը դիտուին որպէս Ռուսիոյ դաշնակիցները։ Տակաւին Մայիս 15ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զախարովա, Հայաստանի ցուցարարները անուանեց հայրենասէրներ։ Ռուսական գործօնին ներկայութիւնը սկսաւ պատճառ դառնալ, որ Մայիս 9ի հաւաքին յաջորդող օրերու երթերուն մասնակիցներուն թիւը հետզհետէ նուազի։ Առաւել, արդարօրէն հարցադրումներ սկսան կատարուիլ այս շարժման նիւթական ծախսերուն հովանաւորութեան շուրջ, որ տակաւին անյայտ կը մնայ։
Շարժումը կրնա՞յ յաջողիլ։ Այս հարցումը առաջին օրերուն տիրական էր, սակայն օր ըստ օրէ, ընթացքը ցոյց կու տայ, որ անիկա յետընթաց կ՛ապրի, հակառակ կատարուող մեծ քարոզչութեան, որուն լծուած են ընդդիմադիր լրատուամիջոցները։ Շարժումը չունի յստակ քաղաքական ուղեգիծ եւ հիմնուած է միմիայն նշանախօսքերու վրայ։ Սա նոյնպէս վտանգաւոր է, որովհետեւ ժողովուրդին յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է երկու տարի առաջ «Դիմադրութիւն» շարժումը, ինչպէս նաեւ 2018ի համաժողովրդային ընդվզումը, որ յանգեցաւ իշխանափոխութեան, առանց քաղաքական յստակ օրակարգի։
Շարժումին ձախողումը ինքնաբերաբար պիտի զօրացնէ իշխանութեան դիրքերը, ներքաղաքական կեանքին մէջ։ Սակայն անիկա նաեւ կրնայ զգաստացնել իշխանութիւնները, որպէսզի անոնք իրենց քայլերը անընդհատ չհիմնաւորեն ժողովուրդէն ստացած քուէներով։ Անոնք պէտք է նկատի ունենան այն իրողութիւնը, որ Երեւանի քաղաքապետական վերջին ընտրութիւններէն ետք, իշխող ուժը իր ունեցած ժողովրդային յենարանէն շատ բան կորսնցուցած է։