ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացուած անմեղ նահատակներու ոգեկոչման արարողութիւնները՝ 109րդ տարին ըլլալով, անգամ մը եւս աշխարհասփիւռ հայկական գաղութներուն մէջ, արժանավայել եւ յարիր կոչերով, պատգամներով եւ մոմավառութեամբ, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար պատասխանատու եւ քաղաքական անհատներու կողմէ յայտարարաուած լոզունգներով ու դպրոցական մեր երեխաներու, պատանիներու եւ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու առաւել սրտառուչ եւ հպարտալի ներկայացումներով եւ արտայայտութիւններով իրականացան: Այո՛, մեր մատղաշ հայ սերունդին վայել եւ արդար հասունութեան ծաղկունքէն էին անոնք հասած եւ արտայայտուած, որովհետեւ մեր մեծահասակներէս յետոյ, վստահ ենք, որ անոնք շուտով պիտի դառնան մեր ազգի ու հայրենիքի՝ «պատւոյ դրօշի» պահպանման, գոյատեւման եւ յառաջացման յախուռն մարտիկները:
Սակայն, այս բոլորին կողքին հարկ է շեշտել, թէ 109րդ տարին ըլլալով հանդերձ, տակաւին ո՛չ միայն ցաւոտ, այլե՛ւ պոռթկալի ու ցասկոտ պահանջատիրութեան ծարաւը չէ յագեցած իւրաքանչիւր հաւատաւոր հայ անհատի սրտի, հոգիի եւ մտքի իւրաքանչիւր մասնիկի հետ…
Պահ մը շեղինք… իսկ ի՞նչ կը մտածեն մեր ազգի զանազան շերտերուն մէջ գտնուող ու «գործող» որոշ «կարծեցեալ մեծեր»… չըսելու համար՝ «ապազգային, անմիտ ու տհաս անհատներ»… ո՞ւր եւ մինչեւ ո՞ւր պիտի տանի ձեզ, ձեր թշնամական ու դաւաճանական նման հիմքերը, անպիտանի լոզունքներն ու արարքները…մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ե՞րբ պիտի «սողաք» եւ տարածէք ձեր իսկ ստեղծած թունաւոր ակունքներէն փխած թոյնը..:
Ապրիլ 24ի ահն ու դողը, ո՛չ միայն 109 տարիներու հոսքին հետ անցած եւ կամ թեթեւցած չէ, այլ աւելի՛ն, այս օրերուն առաւել եւս նոր օրերու նոր բարդութիւններուն շաղկապուած, վերանորոգուած ու վերաշեշտուած է կարծէք․ անիկա իւրաքանչիւր հայու առօրեայ մտահոգութեան պաստառին ամենագլխաւոր բաժինն է իսկ, եւ այսպէս տարակուսանքի եւ ամենօրեայ վախի վերածուելով, հարցական դարձած քառուսէլի վերածուած է, թէ արդեո՞ք հայուն հայրենիքն ու ճակատագիրը «խաղաքարտ»ի՞ վերածուած, թէ՞ բախտի ձգուած բան մը դարձած է … ըսէ՛ք խնդրեմ, ազգային թէ՞ ապազգային մտորումներով լեցուած հայ անհատներ, իւրաքանչիւրդ ձեր մատը դրէ՛ք դար մը առաջ յառաջացած մեր ազգին ու հայրենիքին սիրտ ծակող վէրքին վրայ եւ պատասխանեցէք խնդրեմ, ըսէ՛ք, ո՞ւր կը տանի մեզ անորոշութեան տանող անվերջանալի թուող այս ճանապարհը:
Ի հեճուկս ձեր անգիտութեան (եւ միայն ձեր), շեշտենք որ մեր ազգին պատմական թէ ներկայ հայրենիքը՝ «Մէ՛կ» անբողջական հայրենիք է ու պիտի մնայ: Իսկ մեր ազգը՝ անցեալ թէ՞ ներկայ, հայրենիքի մէջ թէ՞ հայրենիքէն դուրս, «ՄԷ՛կ ազգ է» ու կը մնայ, հակառակ անոր, որ երբեմն մեր ազգային գոյապայքարի շերտերով, այլազան մօտեցումներով կարելի է երբեմն տարակարծիք ըլլալ, սակայն հակակարծի՞ք՝ երբէ՛ք… դարաւոր մեր «Ազգ»ը այսօր լռակեաց, թէ՛…, իր ցասկոտ կոչը կ՛ուղղէ մեզ յուշելով՝ «ի սէր Աստուծոյ սթափեցէ՛ք, որո՞ւ ջրաղացին ջուր կը թափէ՛ք… թշնամիին եւ ազգայինին մէջ շփո՞թ յառաջացաւ արդեօ՞ք… եւ վերջապէս արթո՞ւն, թէ՞ քնացած էք… իսկ ձեր ազգին դարաւոր հիմքերն ու հաւատամքը ո՞ւր վերացան, ո՞ւր չքացան…Սթափեցէ՛ք… Մեր ազգն ու հայրենիքը այսօր, իր «հարազատ» որդիներէն յառաջացած դաւադիրներու եւ դաւաճաններու ո՛չ կարիքը եւ ո՛չ ալ տեղը ունի, քաջ գիտակցելով, որ մե՛նք մեր ազգին վայել միասնականութեամբ եւ նուիրումով միայն կրնանք վարձահատոյց դառնալ մեր նախահայրերու թափած անմեղ արեան եւ անոնցմէ մեզի փոխանցուած ազգային եւ հայրենական սրբացած արժէքներուն»:
Ուշքի եկէ՛ք, հեռացուցէ՛ք եւ արմատախիլ ըրէ՛ք ձեր թշնամանքն ու ատելութիւնը, որ օր ըստ օրէ, ձեր ազգին ու հայրենիքին փրկութեան ի վնաս կը տարածուի եւ ձիւնագնդակի վերածուելով կը գալարուի մեր հարազատ ազգի զաւակներուն միջեւ:
Ի դէպ, ասացուածք մը կայ մեր մեծերուն մէջ, որ կ՛ըսէ.- «ՔԷՖ ՉԻ ՏԱՆՔ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԼԵԶՈՒՆ Չ՛ԵՐԿԱՐԵՆՔ ՄԵՐ ՎՐԱՅ»․ այսպէս կ՛ըսէր նաեւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած ու վերապրած պապս..:
Մէկ ազգի պատկանող զաւակներուն մէջ երբէ՛ք յարիր չէ իրարու հանդէպ ամօթալի արարքներով եւ չարամտութեամբ խտրականութիւն ստեղծել:
Պէտք է, հրաժարելով հրաժարինք նման թշնամանքէն, ինչպէս որ, քրիստոնէական մեր խոստովանանքի պահուն՝ «հրաժարելով կը հրաժարինք» սատանայէն…
Միտքս կանգ կ՛առնէ… կը յիշեմ վաղուց իմ թերթատած՝ Ա. Ահարոնեանի «Արիւնոտ Թթխմոր»ը…
«Որքա՜ն անցնին ժամնակները, այնքան կը բիւրեղանան դաւաճանութեան բարոյական ամօթալի խորհուրդը եւ թէ՛, ազգային այդ խարանը մաքրագործելու խիզախութեան գաղափարական պատգամը։
«Կան պատիժներ, որոնք ամբողջ ազգի մը բարոյական արժէքները եւ արդարադատ կամքը կը մարմնաւորեն»:
Մտածե՛նք եւ դասեր քաղե՛նք, եթէ ոչ անցեալէ՛ն, ապա ուրեմն ներկայէ՛ն:
Յարգելի՛ ընթերցող, յօդուածիս դրդապատճառը անդրադարձ մըն է՝
Ապրիլեան ոգեկոչման առիթներով տեղի ունեցած կարգ մը անյարիր եւ անվայել «թշնամական» արարքներուն՝ հայը հայուն դէմ, որոնք ոչ միայն անընդունելի՛ եւ ամօթալի՛ են, այլ պէտք է դառնայ, միայն ու միայն՝ «Հայը հայուն հետ» միասնական գաղափարախօսութեան՝ բանիւ եւ գործով…:
Եկէ՛ք միասնական հաւատքով ու ջանքերով, ազգային եւ հայրենական մաքուր եւ պատշաճ յայտարարներով ու արարքներով փաստենք մենք մեզ եւ մեր վարկը բարձր պահենք՝ ըստ արժանւոյն:
Վերջապէ՛ս եւ յարատե՛ւ,
Յաւե՛րժ յարգա՛նք եւ մեծարա՛նք,
Հայ ժողովուրդի, անմեղ զոհերու եւ նահատակներու անմառ յիշատակին: