
Կիրակի, Մայիս 19ի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Լաս Վեկասի հայ համայնքին տուած անդրանիկ այցելութեան ծիրէն ներս, տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ եւ աւուր պատշաճի քարոզեց, Հոգեգալստեան տօնին առիթով:
Ֆիզիքապէս կեդրոնէն հեռու, բայց սրտի մօտ Վեկասի հայ համայնքին համար Կիրակի օրը դարձաւ կրկնակիօրէն տօնական, երբ նորընտիր առաջնորդը իր շքախումբով եւ տեղւոյն ՀՄԸՄի դրօշակակիր սկաուտներու առաջնորդութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան, Միացեալ Նահանգներ նոր ժամանած Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան, Լոս Անճելըսէն մեկնած սարկաւագներ ու դպիրներ եւ եկեղեցւոյ երգչախումբը: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային երեսփոխաններ, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, նուիրեալ ազգայիններ, բարերարներ եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն, որոնց բոլորին անունով առաջնորդ սրբազան հօր անդրանիկ այցելութիւնը ողջունեց եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Արցախ քհնյ. Պատոյեան:


Առաջնորդին պատգամը սրտառուչ էր երկու իմաստով. ան նախ անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին՝ Յիսուս Քրիստոսի դէպի երկինք համբարձման առիթով երկիր առաքուած եւ աշխարհի վրայ այդ օրուընէ սկսեալ մնայուն ներկայութիւն հաստատած Ս. Հոգիին՝ իբրեւ հաւատացեալներու առաջնորդ ու պաշտպան, ապա ազգային առումով մասնաւորեց Լուսաւորչի մշտավառ կանթեղը՝ իբրեւ հայ ազգի հոգեւոր կեանքի խորհրդանիշը՝ նշելով, որ Հայց. Առաքելական եկեղեցիներ իրենց խորանին ունին արծարծուն կանթեղ, որ նոյնինքն Լուսաւորչի կանթեղն է, որ կը մարմնաւորէ քրիստոնեայ հայութեան անխախտ հաւատքն ու անշեղ հաւատարմութիւնը առ Երկինք ու Ս. Երրորդութիւն։ Առաջնորդը յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Լուսաւորչի կանթեղի օրինակով Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ խորանը եւս զարդարէ այդ անմար կանթեղը՝ մշտարծարծ պահելու համար քրիստոնեայ Հայաստանի գաղափարը աշխարհի բոլոր անկիւններուն, ուր գոյութիւն ունին հայ համայնքներ:
Իր պատգամի աւարտին, Գեղամ արք. Խաչերեան ողջունեց Լաս Վեկասի ծխական համայնքը, եկեղեցւոյ ընտանիքը, ղեկավարութիւն եւ կամաւոր աշխատողներ, ապա շեշտեց ազգային ու ոգեղէն արժէքները ժառանգաբար նոր սերունդներու զաւակներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով, որ աստուածահաճոյ աշխատանք է, որ կը կատարուի նաեւ կեդրոնէն հեռու մեր ծուխերուն մէջ, «որոնք իրականութեան մէջ շատ մօտ են մեր սրտին», շեշտեց ան եւ այս առումով գնահատեց հաւաքական կեանքի մէջ բոլորին կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը, յանուն հայ հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներու առաւել պայծառացման:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդը նաեւ յայտարարեց, որ Լաս Վեկասի համայնքը շուտով հրաժեշտ կու տայ գործող հոգեւոր հովիւ տէր Արցախին, որ այսուհետեւ պիտի հովուէ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքը, մինչ Լաս Վեկասի ծուխը կ՛ունենայ նոր հովիւ՝ յանձին Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեանի:
Արարողութեան աւարտին, սրբազանին ի պատիւ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին Գեղամ արքեպիսկոպոս մօտէն ծանօթացաւ համայնքի զաւակներուն եւ ընդունեց անոնց շնորհաւորանքներն ու ջերմագին բարեմաղթութիւնները եւ բոլորին փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները:


ՀՕՄ-Ի ՎԵՐԺԻՆ ՔՈՒՃԱՔԵԱՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍ
Առաջնորդը Ուրբաթ օր հանդիպում ունեցաւ համայնքի պատասխանատուներու եւ բարերարներու հետ, իսկ Շաբաթ, 18 Մայիսի կէսօրին, նախագահեց ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի Վերժին Քուճաքեան շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսին եւ այս առիթով արտայայտեց իր հոգեկան գոհունակութիւնն ու սրտի խօսքը՝ նախ գնահատելով աշակերտներուն ծնողները, որ հաւատքով կը մօտենան հայկական վարժարանին, ապա արժեւորելով ՀՕՄի տեղական վարչութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը իրենց կամաւորական անսակարկ աշխատանքին մէջ:
Անդրադառնալով հայ դպրոցի կարեւորութեան, սրբազանը դրուատեց Վեկասի հայկական եկեղեցւոյ կողքին ազգայնաշունչ շաբաթօրեայ վարժարան մը ծաղկեցնելու անձնդիր նուիրումը բոլոր պատասխանատուներուն՝ նկատելով, որ համատարած անապատին մէջ հայկական այս կեդրոնը ովասիսի դեր կը կատարէ՝ մատղաշ մանուկներու հոգիներուն մէջ ամրապնդելով ազգային ժառանգութիւն եւ ոգեղէն արժէքներ:
Նոյն օրը, երեկոյեան, առաջնորդը նաեւ նախագահեց աշխատանքային հանդիպման մը, որուն ներկայ եղան Ազգային երեսփոխաններ, հոգաբարձական կազմը եւ եկեղեցւոյ նոր քահանայ հայրը: