Երկուշաբթի, Մայիս 20ին, Արամ Ա. վեհափառ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդին՝ այաթոլլահ Ալի Խամենէիին յղած նամակով, իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց ժամեր առաջ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցած Իրանի նախագահ սէյիտ Էպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործոց նախարարին, Արեւելեան Ատրպատականի կառավարիչին եւ անոնց ուղեկցող պետական անձնաւորութիւններու մահուան առիթով:
Կաթողիկոսը նաեւ իր վշտակցութիւնը յայտնեց յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի հայ համայնքին, զոհուածներու ընտանիքներուն եւ Իրանի ժողովուրդին:
Հայրապետը յիշեց, որ Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Իրանի պետական պատասխանատուներուն ողբերգական մահը կրնայ նոր դժուարութիւններ ստեղծել՝ ի խնդիր արդարութեան ու խաղաղութեան համար տարուող աշխատանքներուն: «Վստահ ենք, որ Աստուծոյ օժանդակութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ներկայ տագնապը եւ երկիրը առաջնորդել դէպի առաւել զարգացում, ինչպէս նաեւ շրջանէն ներս արդարութեան վրայ հիմնուած ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն», ըսաւ ան: