23 Մայիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Միացեալ Նահանգներու կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Լուիս Պոնօ Երեւանի մէջ քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովական հարցեր:
Զրուցակիցները անդրադարձան հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ վերջին զարգացումներուն, որոնց կարգին՝ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին մէջ առանցքային հարցերու շուրջ մօտեցումներուն եւ անոնց համաձայնեցման ուղղութեամբ ջանքերուն: Ընդգծուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան յանձնաժողովներու վերջին հանդիպումներուն ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:
Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման հարցերուն շուրջ: Միրզոյեան ներկայացուց այս գծով վերջին քննարկումներն ու Հայաստանի մօտեցումները, որոնք կը շարունակեն համահունչ ըլլալ հանրահռչակուած՝ ինքնիշխանութեան ու ազգային օրէնսդրութեան յարգման, հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներուն:
Միացեալ Նահանգներ Կը Քննէ Հայաստանէն Շարք Մը Խնդրանքներ

Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ կայացած լսումներու ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ կը քննուին Հայաստանէն շարք մը խնդրանքներ՝ որոշելու, թէ յաւելեալ ի՛նչ կրնան ընել Երեւանին աջակցելու եւ անոր հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար։
Ան յիշեցուց, որ շաբաթներ առաջ Պրիւքսէլի մէջ իր, Հայաստանի վարչապետին եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարին մասնակցութեամբ կայացաւ եռակողմանի հանդիպում, որուն նպատակն էր պարզել, թէ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ ինչպէ՛ս կրնան աջակցիլ Երեւանին, շարք մը ոլորտներու մէջ:
«Եւ մենք յառաջ կ՛ընթանանք շարք մը տարբեր ոլորտներու մէջ», ըսաւ Պլինքըն՝ առանց մանրամասնութիւն տալու:
Նախարարը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Երեւան ու Պաքու պիտի յաջողին համաձայնութեան հասնիլ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ:
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճիմ Քոսթա յիշեցուց, որ Ալիեւի վարչակազմը բազմիցս խախտած է Հայաստանի հետ համաձայնութիւնները եւ պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած: Խօսքը ուղղելով Պլինքընի՝ ան ըսաւ. «Ես եւ դուք կը տարբերինք այս հարցին մէջ. ես չեմ վստահիր Ատրպէյճանին»:
«Ինչպէս կ՛ըսեն՝ վստահիր, բայց ստուգէ», արձագանգեց Պլինքըն: