
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Յունիս 7ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ շինարարական եւ դաստիարակչական կամաւոր ծրագիրներ իրականացուցած՝ ՀԵԴի «Երիտասարդական Ջոկատներ» նախաձեռնութեան 30ամեակին նուիրուած պարահանդէսը։
Պարահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի «Երիտասարդական Ջոկատներ»ու գործունէութիւնը ընդարձակելու ջանքերուն։
Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ (900 West Lincoln Avenue, Montebello, California 90640) կայանալիք ձեռնարկին տոմսերուն սակը 125 տոլար է․ տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 625-2799 թիւին։