Կիրանցի մէջ նախաձեռնուած ստորագրահաւաքին իբրեւ արդիւնք, 31 անձերու ստորագրութիւնը կրող յայտարարութիւն մը տարածուեցաւ 24 Մայիսին:
Ստորագրողները իրենց ընտանիքներով հաստատեցին, որ կը հրաժարին փոխհատուցումներէն: Կ՛ըսուի, թէ ստորագրած անձերուն մէջ կան 9 սեփականատէրեր, որոնք գոյք պիտի կորսնցնեն:
Փոխհատուցման վերաբերող պաշտօնական պարզաբանում չկայ տակաւին։