Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ 12.7 քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանագիծը: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ, սահմանազատման յանձնաժողովի Ատրպէյճանի կողմէ նախագահ Շահին Մուսթաֆաեւ վերոյիշեալ հաստատումը կատարեց:
Ան նշեց, որ սահմանազատման իբրեւ արդիւնք Ատրպէյճանի Ղազախի շրջանի 4 գիւղերու` Բաղանիս Այրում, Աշաղը Ասկիպարա, Խէյրումլի եւ Կըզըլ Հաջիլի տարածքները (6.5 քառակուսի քիլոմեթր) վերադարձուած են Ատրպէյճանին։
Ան նաեւ ըսաւ, որ այդ հատուածները 24 Մայիսէն անցան ատրպէյճանցի սահմանապահներու վերահսկողութեան տակ: