Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀի հարցերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ, երեսփոխան Քոնսթանթին Զատուլին հաստատեց, որ Հայաստան այլ գործընկերներ փնտռելու իրաւունքը ունի, բայց մօտիկ ապագային Ռուսիոյ հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան այլընտրանք չկայ:
«Համոզուած եմ, որ տեսանելի ապագային ոչ ոք կրնայ հայերուն, հայ ժողովուրդին համար փոխարինել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, աւելին՝ ես վստահ եմ, որ Հայաստան, հայերը իրաւունք ունին կապ հաստատելու ամբողջ աշխարհին հետ եւ աջակցութիւն որոնելու ամբողջ աշխարհի մէջ ու կ՛իրականացնեն այդ իրաւունքը», ըսաւ Զատուլին:
Ան դատապարտեց Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան ընթացքին Հայաստանի կրած պարտութեան համար Ռուսիան մեղադրելու եւ անկէ ետք Հայաստանի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին համար պատասխանատուութիւնը Ռուսիոյ վրայ բարդելու միտումները:
«Կը կարծեմ, թէ փորձ կը կատարուի ամբողջ մեղքը բարդել Ռուսիոյ վրայ: Այդ մէկը ներկայի վարչապետին եւ անոր համախոհներուն՝ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները խզելու նախապէս ազդարարած քաղաքական ծրագիրի իրագործման շարունակութիւնն է՝ վերափոխել տասնեակ եւ հարիւրաւոր տարիներ Ռուսիան պաշտպան ու հովանաւոր համարող հայ ժողովուրդին գիտակցութիւնը», շեշտեց Զատուլին:
Ասոր զուգահեռ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իբրեւ պատասխան այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցերը կրնան ազդել խաղաղ գործընթացի յառաջընթացին վրայ՝ ըսաւ, որ Մոսկուա Երեւանի բողոքի ցոյցերը կը նկատէ Հայաստանի ներքին գործը: «Մեր կողմէ մենք նպատակ ունինք Հայաստանի ժողովուրդին հետ զարգացնել այն շատ բարեկամական, լիարիւն կապերը, որոնք, ի շարս այլ բաներու, կը դրսեւորուին, ինչպէս այսօր ըսի, իրական, եղբայրական օգնութեան ձեւով, զոր մենք կը տրամադրենք ակնթարթօրէն, երբ դրացի պետութիւնը դժուարութեան մէջ կը յայտնուի», նշեց Զախարովա՝ աւելցնելով. «Մենք կը դիտարկենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման աշխատանքներու գործնական փուլին սկիզբը. անիկա կարեւոր է շրջանային կայունութեան համար: Մենք կ՛աջակցինք սահմանազատման բոլոր հարցերու կարգաւորման բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական մեթոտներով: Մենք կը մեկնինք այն նախադրեալէն, որ համաձայնագիրները պէտք է ըլլան կայուն, հաւասարակշռուած, փոխադարձաբար ընդունելի եւ հիմք հանդիսանան շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Մենք նաեւ կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը, ինչպէս կ՛ընենք պարբերաբար, խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրելու կողմերուն սահմանազատման հարցին մէջ՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ համաձայնագիրներուն հիման վրայ»: