
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը, զոր կ՛առաջնորդէ Բագրատ արք. Գալստանեան, 30 Մայիսի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, առաւել քան վեց ժամ բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան շէնքին շուրջ:
Առաւօտեան, կառավարութեան նիստին զուգահեռ ինքնաշարժներով բոլոր կողմերէն փակուեցան Հանրապետութեան հրապարակի մուտքերը: Հրապարակը քանի մը վայրկեան անդամալուծուած վիճակի մէջ էր, սակայն, ոստիկանութիւնը շատ արագ միջոցներ կիրարկեց, 9 անձեր ձերբակալուեցան եւ 11 ինքնաշարժներ տարուեցան տուգանային հրապարակը:
Բագրատ սրբազանին առաջնորդած շարժումին մասնակցողները վեց ժամ անընդհատ շրջեցան կառավարութեան շէնքին շուրջ՝ փորձելով փակել կամ հսկել բոլոր մուտքերը, որպէսզի կարենան հանդիպիլ շէնքէն դուրս եկող վարչապետին հետ: Ցոյցին ընթացքին Փաշինեան շէնքէն դուրս չեկաւ. կառավարութեան որեւէ անդամի, ներառեալ վարչապետին, բողոքի ցոյցին մասնակցողները չհանդիպեցան: Քանի մը շարքերէ կազմուած ոստիկանական պատը կը հսկէր շէնքին մինչեւ ուշ ժամեր:
Բագրատ սրբազանը կառավարութեան շէնքը որակեց «բանտ»՝ նկատի ունենալով, որ եթէ առաջ Փաշինեան կրնար հեծանիւով շրջիլ մարդոց մէջ, հիմա փակուած է այս շէնքին մէջ եւ դուրս չ՛ելլեր:
«Ինքը արդէն էս շէնքը կալանավայրի է վերածել, տեսէք ոստիկանական շերտերը», ըսաւ սրբազանը՝ աւելցնելով. «Ես միշտ ասել եմ՝ մենք ի՞նչ ենք արել՝ ոչ մի բան: Մարդիկ պարզ եկել են, մեքենաները տանում են, չեն թողնում մուտք գործեն ազդանշանի համար, մենք էլ եկել ենք ասելու, որ «դու էս երկրում անելիք չունես»: Հիմա կալանավայր չի՞, հեծանիւով չէր ման գալի՞ս, հեծանիւով էր, չէ՞, բա հիմա ո՞ւր է հեծանիւը»:
Աւելի քան վեց ժամ ընթացող բողոքի ցոյցին աւարտինն Բագրատ սրբազանը իր աջակիցներուն տեղեկացուց, թէ Փաշինեան այլ ճամբով դուրս եկած է շէնքէն, եւ այլեւս անիմաստ է մնալ մուտքերուն մօտ եւ սպասել անոր:


Բողոքի ցոյցին ընթացքին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները տնկիներով մօտեցան ցուցարարներուն: Ասիկա խորհրդանշական քայլ էր, եւ պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան բացատրեց, թէ ի՛նչ նկատի ունին անորմով։ «Փաշինեանը իր յայտնի հարցազրոյցներից մէկում ասաց, որ, օրինակ, տարբերակ կարող է լինել անվտանգութեան ապահովման, եթէ Կիրանցի դպրոցի կողքին տնկեն ծառեր: Հիմա եթէ Կիրանցի դպրոցի երեխաների անվտանգութիւնը հնարաւոր է ապահովել տնկիներով, առաջարկում ենք Փաշինեանի անվտանգութիւնը երաշխաւորող բերետների փոխարէն դնել ես տնկիները՝ թող հետ քաշուեն: Ոնց որ Տաւուշից են առաջարկում զօրքերը հետ քաշել, տեղը, օրինակ, տնկիներով ապահովել անվտանգութիւն, թող իրենք գոնէ իրենց դնեն էն պայմաններում, որ առաջարկում են, օրինակ, կիրանցեցիներին», յայտնեց Վարդանեան:
Երեկոյեան, շարժումին մասնակցողները համախմբուեցան Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան յայտարարեց, թէ շարժումը չէ մարած, ոչինչ խոչընդոտ պիտի ըլլայ իրենց ճամբուն վրայ:
«Հայ մարդը չի կարող հանգիստ գլուխը դնել բարձին քնել, քանի որ հայրենիքը այսպիսի ծանր իրավիճակում է եւ մենք ուրիշ ճանապարհ չունենք, բացի մեր նպատակներին հասնելը: Եւ հասնելու ենք մեր նպատակներին ի հեճուկս ամէն ինչի: Պետական ապարատում (կազմածին մէջ) մենք ունենք բազմաթիւ մեզ աջակցող, սիրելի, պաշտելի հայրենակիցներ, որոնք որ մեր կողքին են, անհրաժեշտ պահին մեզ միանալու են», ըսաւ Դանիէլեան:
Բագրատ սրբազանը անդրադարձաւ օրուան իրադարձութիւններուն եւ ըսաւ, թէ շարժումին գործունէութիւնները պէտք է այլեւս գործողութիւններ ըլլան: Ան տեղեկացուց, որ 31 Մայիսին պիտի երթան հաստատութեան մը այցելութեան՝ առանց նշելու վայրը:

