
ՀՈՒՐԻ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 30 Նոյեմբեր 1955ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ քրոջ, զարմիկին եւ հարազատին՝ Հուրի Թորիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 28 Մայիս 2024ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ (կարմիր եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Քոյրը՝ Գոհար եւ Փիթըր Գարակէօզեան եւ զաւակը՝ Հրայր (Մոնթրէալ)
Եղբայրը՝ Զաւէն եւ Յասմիկ Թորիկեան եւ զաւակները՝ Արէն եւ Վարանդ (Պոսթըն)
Մօրաքոյրը՝ Զուարթ Մարկոսեան (Պէյրութ)
Զարմիկները՝ Վանիկ Թորիկեան եւ Թերեզա Մորիսէյ
Զեփիւռ եւ Յակոբ Ալեքսանեան եւ զաւակները
Արսէն եւ Սօսի Մարկոսեան եւ զաւակները
Գէորգ եւ Կարինէ Մարկոսեան եւ զաւակները
Քրոջ դուստրը՝ Նանոր եւ Խաչիկ Խաչերեան եւ զաւակները (Մոնթրէալ)
Եւ համայն Թորիկեան, Մարկոսեան, Գարակէօզեան, Քիւթիւքճեան, Փալանճեան, Մելիքեան եւ Այվազեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Պէյրութի Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին (in memory of Hourie Torikian)։
ՀՈՒՐԻ ԹՈՐԻԿԵԱՆի՝ Ասպարէզի աշխատակազմի երկարամեայ նախկին անդամուհիին մահուան տխուր առիթով, Ասպարէզի խմբագրութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ Հայրենիք Շաբաթերթի խմբագիր ընկ. Զաւէն Թորիկեանին, քրոջ, ըտնանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։