Ալմաթիի մէջ (Ղազախստան) սկսաւ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը, որուն Հայաստան չի մասնակցիր։
Այս մասին «Թասս»ին ըսաւ կազմակերպութեան քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Եուրի Շուվալով:
«Հայաստան չի մասնակցիր ՀԱՊԿի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին, սակայն հայկական կողմը մեզի տեղեկացուց, որ դէմ չէ սահմանափակ ձեւաչափով որոշումներու որդեգրման», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ սահմանափակ ձեւաչափը «առանց Հայաստանի մասնակցութեան է»: