Ատրպէյճան դարձեալ պահանջներ ներկայացուց Հայաստանին։ Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով յայտարարեց, որ Ատրպէյճան Հայաստանէն կ՛ակնկալէ ականապատ դաշտերու «ճշգրիտ քարտէզներու» յանձնում։
«Կ՛ակնկալենք, որ Հայաստան ճշգրիտ տուեալներ կը ներկայացնէ՝ ըստ մեր պահանջին: Ասիկա կրնայ դիտուիլ նաեւ իբրեւ երկու կողմերու միջեւ վստահութեան հիմնարար միջոց», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ ցարդ ականներու վերաբերեալ հայկական կողմին տրամադրած տեղեկատուութիւնը շատ «անորակ է եւ ցած մակարդակի»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան մօտեցած են խաղաղութեան, «յոյս ունինք, որ մօտիկ ապագային պիտի լուծուին մնացած հարցերը», նշեց Ամիրպեքով՝ աւելցնելով. «Ղարաբաղի մէջ իւրաքանչիւր ենթակառուցուածք զերոյէն կառուցուած է, այդ տարածքներու վերականգնման շինարարական աշխատանքներուն 7 միլիառ տոլար ներդրուած է»: