Առաւել քան 40 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամներ 31 Մայիսին այցելեցին աղէտի գօտի: Անոնք եղան Ալավերդի քաղաքի տարբեր մասերու մէջ եւ շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Տաւուշի մարզը:
Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան անոնց ներկայացուց աղէտէն վնասուած թաղամասերը, վնասներուն չափը, թէ ի՛նչ հարցերու դէմ յանդիման կանգնած են համայնքները: Սանոսեան անդրադարձաւ մեկուսացած հատուածներուն, նաեւ թէ ինչ վնասներ կրած են գետամերձ տարածքներուն մէջ գործունէութիւն իրականացնող գործարարները:
Անոնք այցելեցին նաեւ Ալավերդի քաղաքի կեդրոնին մէջ գործող Յունական բժշկական հիմնարկը, որ ամբողջովին վնասուած է: Անիկա հիմնադրուած էր Յունաստանի կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցներով։ Կառոյցի տնօրէն Սիմոն Զախարով ըսաւ, որ կարելի չէ եղած որեւէ սարք փրկել, ջուրը մինչեւ 2 մեթր բարձրութեամբ լեցուած է տարածքը եւ միայն 2-3 օր ետք կարելի եղած է մուտք գործել հոն:


Յունաստանի դեսպանը հաստատեց, որ իրենց կառավարութիւնը պիտի աջակցի կեդրոնի վերականգնման։
Գանատայի դեսպանը եւս նշեց, որ իրենց կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցիլ Հայաստանին աղէտի հետեւանքները վերացնելու համար:
Նոյն օրը Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի մամլոյ քարտուղար Անտրէյ Մատվէեւ լրագրողներու ըսաւ, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի փոխվարչապետներուն՝ Ալեքսէյ Օվերչուքի ու Մհեր Գրիգորեանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համապատասխան` «Ռուսական Երկաթուղիներ» ընկերութեան մասնագէտները Հայաստանի մէջ սկսած են բնական աղէտին պատճառով վնասուած երկաթուղիին վերանորոգման աշխատանքներուն:
Ըստ անոր՝ Ռուսիա անոր համար ֆինանսական միջոցներ յատկացուցած է, եւ նշեց, որ ռուս մասնագէտները ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնեն Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը արտաքին աշխարհին հետ:
