
ԳՈՀԱՐ ԶԱՀԷՐ

19 Մայիսի ի յետմիջօրէին, քար լռութիւն կը տիրէր Օրենճ Քաունթիի հայ կեդրոնին մէջ… Կարճ նախաբանէ մը ետք, ներկաները մեծ յուզումով կը դիտէին «Արշալոյսի Լուսաբացը» վաւերագրական շարժապատկերը: Այնքան տպաւորիչ կերպով պատրաստուած այս շարժանկարը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը Եղեռնէն վերապրող Արշալոյսի կերպարին ընդմէջէն: Արշալոյսը, սակայն, միայն կերպար մը չէր, այլ իրական աղջնակ մը (Օրորա Մարտիկանեան), որ 14 տարեկանին բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով՝ կրցած էր փրկուիլ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, կորսնցնելով իր ամբողջ ընտանիքը: Անմարդկային տանջանքներէ անցնելով՝ ան վերջապէս կը հասնի Նիւ Եորք, ուր իր պատմութիւնը լայն տարածում կը գտնէ, անիկա նոյնիսկ կը վերածուի համր ժապաւէնի մը՝ «Հոգիներու Աճուրդը» (Auction of Souls) խորագիրով, 1919ին:
«Ես դերասան չեմ, դեր չէի խաղար, այլ կը վերապրէի կեանքիս իսկական պատմութիւնը», կ՛ըսէ Արշալոյսը: Հայ ազգի ապագայով մտահոգ՝ ան իր մէջ ուժ գտած էր պատմելու եւ վերապրելու իր բոլոր տանջանքները՝ նպատակ ունենալով ֆիլմին հասոյթով օժանդակել Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբ մանուկներուն: «Հոգիներու Աճուրդը» կը դառնայ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց հիմնադրամի (Near East Relief Fund) բարեգործական արշաւին հիմնաքարը, որուն իբրեւ արդիւնք կը հաւաքուի շուրջ 116 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն, որ կը յատկացուի առաւել քան 132 հազար որբերու խնամքին:
Բեմադրիչ եւ արտադրող Իննա Սահակեան, համագործակցելով կարգ մը արտադրողներու հետ՝ հմուտ կերպով կը ներկայացնէ «Արշալոյսի Լուսաբացը» վաւերագրական շարժանկարը, օգտագործելով animation, հարցազրոյցներ Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանի հետ, ինչպէս նաեւ պատառիկներ «Հոգիներու Աճուրդը» ֆիլմէն, որուն մեծ մասը թէեւ անհետացած է, սակայն, փոքր մաս մը կը մնայ «Զօրեան» հիմնարկի արխիւներուն մէջ: Ժապաւէնը պատրաստուած է Վարդան Յովհաննիսեանի կողմէ ղեկավարուող Bars Media-ին, Gebrueder Beetz Filmproduktion & Artbox Laisvalaikio Klubas-ին, Eurimages-ին, Հայաստանի «Զօրեան» հիմնարկին եւ Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին նիւթական համագործակցութեամբ, եւ Lithuanian Film Center, ZDF/ARTE-ին, Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան եւ LRTE-ին աջակցութեամբ:
Շարժանկարին աւարտին ներկաները ունկնդրեցին Իննա Սահակեանի տեսաուղերձը (video-message), որուն մէջ ան կը շեշտէր, թէ իւրաքանչիւր անձ իրեն յատուկ միջոցներով պէտք է պայքարի անարդարութեան դէմ՝ աւելցնելով. «Ես ալ, իմ կարգին, վաւերագրական ֆիլմի մը պատրաստութիւնը իբրեւ զէնք օգտագործելով՝ կը պայքարիմ անարդարութեան դէմ»: Ան այդ միջոցին Հայաստան կը գտնուէր՝ պատրաստելու իր յաջորդ վաւերագրական շարժապատկերը, որ կ՛անդրադառնայ Արցախի 44օրեայ պատերազմին, արցախահայութեան տեղահանութեան եւ մայր հայրենիքի դէմ կատարուող անարդարութիւններուն:
Ներկաները, խորապէս տպաւորուած «Արշալոյսի Լուսաբացը» շարժանկարով՝ առաջարկեցին, որ անիկա աւելի լայն տարածում գտնէ:
Օրորա Մարտիկանեանի եւ Իննա Սահակեանի օրինակով, պէտք է իւրաքանչիւր հայ անարդարութեան դէմ պայքարելու իր իւրայատուկ միջոցը գտնէ, որպէսզի հաւաքական ջանքերով հայ ազգի արշալոյսի լուսաբացը իսկապէս ծագի: