
Չորեքշաբթի, 29 Մայիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Համահայկական խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեանի։ Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։
Կանիմեան նախ շնորհաւորեց սրբազան հայրը առաջնորդ ընտրուելուն առիթով, ապա ներկայացուց Համահայկական խորհուրդին ծաւալած գործունէութիւնը, ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ եւ մասնաւորաբար՝ Արեւմտեան Ամերիկայի այս ափերուն վրայ։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ կեանքը յուզող մարտահրաւէրներուն եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն։
Առաջնորդը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Կանիմեանին՝ ջերմ խօսքերուն համար, գնահատեց խորհուրդի հայրենանուէր առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի անվերապահ աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը Համահայկական խորհուրդին։
31 Մայիսին, առաջնորդը Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Աւօ Կաբակչուզեանի, որոնք եկած էին շնորհաւորելու սրբազանը առաջնորդական պաշտօնը ստանձնելուն առիթով։

Ներկայացուցիչները առաջնորդը տեղեակ պահեցին իրենց աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ տարիներ շարունակ Ազգային առաջնորդարանը մշտապէս զօրավիգ կանգնած է եղբայրակցութեան աշխատանքներուն ու առաքելութեան։ Անոնք այս այցելութիւնը նկատեցին մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային աւանդներուն նկատմամբ յանձնառութեան վերանորոգումի առիթ։ Հանդիպումին ընթացքին կարեւորութեամբ վեր առնուեցաւ եկեղեցւոյ եւ ազգի ծառայական ասպարէզներուն մէջ երիտասարդներու ներգրաւման կարեւորութիւնը։
Գեղամ արքեպիսկոպոսը շնորհակալութեան յայտնեց շնորհաւորական այցելութեան համար եւ հաստատեց, թէ Ազգային առաջնորդարանի գործունէութեան մէջ կարեւոր բաժին ունի նոր սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ իբրեւ անմասն բաժին հայեցի դաստիարակութեան։ Այնուհետեւ, սրբազան հայրը տուաւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ խրախուսեց ներկաները իրենց եկեղեցանուէր գործունէութիւնը անխափան շարունակելու եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ բոլոր աշխատանքներուն։