Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Չեխիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ, քննարկելով նաեւ Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման աջակցելու կարելիութիւնները: Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մեթիու Միլըր:
Կը նշուի նաեւ, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու ջանքերը, գերիներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Կազային մարդասիրական յաւելեալ օգնութիւն հասցնելու եւ շրջանային անկայունութիւնը կանխարգիլելու կարեւորութիւնը: